Ս.Օ.Խ.-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Ուխտագնացութիւնը Ս. Ֆէպրօնիայի Վանք

Սփիւռք

Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի «Արցախ» մասնաճիւղը, Հոկտեմբեր 12-ին, յետմիջօրէն ժամը 3։00-ին, ուտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Հիմօ գիւղ, ուր կը գտնուի Ս. Ֆէպրօնիայի վանքը։

Ժողովուրդը, չորս փոխադրակարգերով, հասաւ Գամիշլիէն 15 վայրկեան հեռաւորութեամբ գտնուող վանքը։ Ձեռնարկը հաճելի էր բնութեան ծոցին մէջ նաեւ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած համեղ ճաշատեսակներով, որուն միացան ազգային եւ հայրենասիրական երգերը՝ ոգեւորելով ներկաները եւ վճռականութիւն հաստատելով կառչած մնալու հողին։

Հակառակ մասամբ անապահով կացութեան` ժողովուրդը ներքին խաղաղութեամբ եւ հոգեկան անդորրութեամբ վերադառձաւ տուն։

Յիշեցնենք, որ Ս. Ֆէպրօնիան ապրած է 8-րդ դարուն եւ ահաւոր տանջանքներու երթարկուած ու նահատակուած է Սուրիոյ մէջ։