Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի Ընտանիքը Հանդիսաւոր Տօնախմբութեամբ Յիշատակեց Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը (լուսանկարներ)

Սփիւռք

Շա­բաթ, 13 Հոկ­տեմ­բեր 2018-ին, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նէն ներս հան­դի­սա­ւոր տօ­նախ­մբու­թեամբ յի­շա­տակ­ուե­ցաւ Սր­բոց Թարգ­ման­չաց տօ­նը, ներ­կա­յութ­եամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նի, Բեր­իոյ Թե­մի Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ներկայացուցիչներուն, Քա­հա­նա­յից Դա­սուն, Ճե­մա­րա­նի Խնա­մա­կա­լու­թեան, Տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սու­ցչական կազմին եւ երկրորդականի աշա­կեր­տու­թեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Նախքան տօնախմբութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մա­տուց­ուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ:

Օր­ուան պատ­գա­մը տուաւ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տէր Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան։

Ապա Ճեմարանի շրջափակին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թարգմանչաց վարդապետներուն, Ճե­մա­րա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն:

Արա­րո­ղու­թիւնը փակ­ուե­ցաւ «Կի­լիկ­իա» մաղ­թեր­գով:

Այ­նու­հե­տեւ արա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը ուղղ­ուե­ցան Ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տուն` այ­ցե­լե­լու Քա­րէն Եփ­փէի եւ գրագէտ Յա­կոբ Օշա­կա­նի շի­րիմ­նե­րը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ մո­մա­վա­ռու­թիւն եւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում:

Ճեմարանի գործադիր տնօրէն պրն. Վահէ Ղազարեան խօսք առնելով լուսարձակի տակ առաւ Օր. Քարէն Եփփէի եւ Յակոբ Օշականի վաստակն ու գործունէութիւնը՝ դիտել տալով որ անոնք մարմնով մահացած են, բայց հոգեպէս ներկայ են մեր մէջ, թելադրող պատգամ կ՚ուղղեն բոլորիս՝ ամրօրէն կառչելու հայ լեզուին ու գրականութեան եւ անոնց անշէջ աւիշով վերանորոգուելու։

Խորհրդաւոր այս պահուն, մեր մեծերու շիրիմներուն դիմաց, ճեմարանականները վերանորոգեցին իրենց ուխ­տը՝ ապրեցնելու հայ լեզուն եւ մշակոյթը, տէր կանգնելու մեր հոգեւոր ժառանգութեան եւ ժամանակակից արհեստագիտութեան օգտագործումով պահպանելու եւ տարածելու մեր մայրենին։ Ապա աղօթք բարձ­րա­ցու­ցին առ Աստ­ուած` այս պա­հուան բերկ­րան­քին ար­ժա­նա­ցած ըլլալնուն հա­մար: