Հոկտեմբեր 11-12-ը Ոչ Աշխատանքային Պիտի Ըլլայ. Վարչապետը Առաջարկեց Փոփոխել Օրէնսդրական Նախաձեռնութեան Ձեւակերպումը

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «ՀՀ տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին ՀՀ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան նշեց, որ նախագծին ընդունումով կ՝առաջարկուի կառավարութեան լիազօրել ըստ անհրաժեշտութեան աշխատանքային օրերը տեղափոխելու նաեւ չորս եւ աւելի պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու միաժամանակեայ այցին պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Օրինագիծին ընդունման անհրաժեշտութիւնը կապուած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթաժողովով, որուն պիտի մասնակցին աւելի քան 40 երկիրներու ղեկավարներ: Գագաթաժողովի իրականացման օրերուն Երեւան քաղաքի երթեւեկութիւնը արդիւնաւէտ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը՝ կ՝առաջարկուի Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովի օրերը՝ Հոկտեմբեր 11-12-ը համարել ոչ աշխատանքային՝ փոխարինելով զանոնք յաջորդող Շաբաթ օրերով»,- ըսած է  Աւինեան:

Օրինագիծին առնչութեամբ ծաւալած է մտքերու փոխանակութիւն, հնչած են շարք մը  դիտարկումներ, առաջարկներ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ անհրաժեշտ է դրոյթը առաւել նպատակայարմար ձեւակերպել եւ առաջարկած «չորս եւ աւելի պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու միաժամանակեայ այցի պարագային» նախադասութիւնը շարադրել հետեւեալ կերպով՝ «բացառիկ նշանակութեան իրադարձութիւններու կապակցութեամբ»: