Հայաստանը Ո՛չ Միայն Ներդրումներու Կարիք Ունի, Այլեւ՝ Թէ՛ Բարեգործութեան, Թ՛է Ներդրումներու…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան 

Տարիներու ընթացքին, սկսեալ 1991-ի Հայաստանի անկախացումէն, եզակի հնարաւորութիւն ունեցած եմ հարիւրաւոր ժամեր անցնելու երկրի նախկին երեք նախագահներո հետ՝ անոնց հետ անձնապէս քննարկելով Հայաստանի բազմաթիւ հիմնախնդիրներ: Անոնց առաջարկած եմ իմ մասնագիտական գնահատականները եւ յաճախ քննադատութիւնները՝ երկրի կառավարման վերաբերեալ: Թէեւ նախագահները գոհ չէին, որ մատնացոյց կ՝ընէի անոնց թերութիւններն ու սխալները, սակայն կը հասկնային, որ մտադրութիւն չունէի զիրենք նսեմացնել, այլ օգնելու իրենց բարելաւելու բնակչութեան կենսապայմանները:

1988-ի երկրաշարժէն ի վեր, բարեգործական աշխատանքներ կը կատարեմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, սկիզբը իբրեւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի (UAF), իսկ յետագային Հայաստան Արցախ հիմնադրամի  (AAF) նախագահ եւ Քըրք Քըրքորեանի «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ՝ աւելի քան 800 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելով Հայաստանին եւ Արցախին`UAF-ի եւ AAF-ի կողմէ, եւ կառավարելով 242 միլիոն տոլար արժողութեամբ ենթակառուցուածքային ծրագիրներ` «Լինսի» կողմէ ֆինանսաւորուած: Հակառակ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ տիրող կաշառակերութեան, խստօրէն պայքարած եմ մարդասիրական ապրանքներու եւ գումարներու պահպանման համար, մշտապէս նախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ կատարուող չարաշահումներու վրայ եւ պահանջելով, որ անոնց կարգի հրաւիրեն կամ պաշտօնէ հեռացնեն:

Հայաստան եւ Արցախ կատարած 58 այցելութիւններուս ընթացքին իմ աչքով տեսած եմ մարդոց մեծամասնութեան թշուառ պայմանները մեր հայրենիքի մէջ ՝ զրկուած դրամէ, սնունդէ, դեղորայքէ, հագուստէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներէ: Տեսնելով ժողովուրդի զրկանքներուն անտեսումը նախագահներուն կողմէ՝ յաճախ եւ յամառօրէն կը  ներկայացնէի անոնց տխուր վիճակը երկրի ղեկավարութեան ուշադրութեան:

Զիս յատկապէս կը զայրացնէին պետական պաշտօնեաներու այն խօսակցութիւնները, որ Հայաստանը միայն ներդրումներու կարիք ունի, ո՛չ թէ բարեգործութեան: Նման դատողութիւնները կը համարէի անգութ՝ ժողովուրդի տառապանքներուն նկատմամբ: Իւրաքանչիւր նման յայտարարութենէ ետք կը հակադրուէի այդ պաշտօնեաներուն՝ բացատրելով անոնց յայտարարութիւններու բացասական հետեւանքը:

Հետեւաբար, զարմացայ, երբ 2018 Սեպտեմբեր 23-ին Նիւ Եորքի մէջ կայացած իր ելոյթին ընթացքին, Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ժողովուրդի մարդը, յայտարարեց, որ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ծիրէն ներս պէտք է խրախուսուի աշխատանքը, այլ ո՛չ թէ բարեգործութիւնը. ««Հայութիւնը կրնայ Հայաստանին աջակցիլ ընդամէնը մէկ տարբերակով` Հայաստանի մէջ ծաւալել տնտեսական գործունէութիւն, հիմնադրել որեւէ գործարարութիւն եւ աշխատիլ: Այսօր Հայաստանի ընկալումը հետեւեալն է. անիկա երկիր մըն է, ուր կարելի է ծաւալել տնտեսական գործունէութիւն, գործ հիմնադրել, շահոյթ ստանալ, հարստանալ եւ հարստացնել: Մեր ուղերձը բոլորին հետեւեալն է. հարստացէք եւ հարստացուցէք: Մենք կ՝ուզենք, որ Հայաստանը ընկալուի այդպիսի երկիր, Հայաստանի մէջ պէտք է իրականացնել ո՛չ թէ բարեգործական, այլ զարգացման ծրագիրներ…»:

Արդար ըլլալով վարչապետի նկատմամբ, նշեմ, որ ան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ նաեւ շատ այլ թեմաներու մասին, որոնց հետ ես լիովին համաձայն եմ: Ան հսկայական աջակցութիւն ունի թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ ամբողջ աշխարհի… Ան գրեթէ վերացուցած է կաշառակերութիւնը հայկական հասարակութեան մէջէն եւ ներկայացուցած է ժողովուրդին ձայնը, որ քառորդ դարէն աւելի, անկախութենէն ի վեր անձայն մնացած էր: Այնուամենայնիւ, ինչպէս ըսած եմ նախկին նախագահներուն, այժմ կ՝ուզեմ հետեւեալ բացատրութիւնները տալ նոր վարչապետին.

1) Ես լիովին կ՝աջակցիմ վարչապետի նախաձեռնութեան, որ Հայաստանը կարիք ունի տնտեսական ներդրումներու՝  աշխատատեղեր ստեղծելու եւ արտահանման ընդլայնման համար: Աշխատատեղեր ստեղծելով, մարդիկ ո՛չ միայն եկամուտ պիտի ունենան իրենց ամենօրեայ ծախսերու վճարման համար, այլեւ կառավարութիւնը եւս պիտի ունենայ հարկային եկամուտներ՝ երկրի եւ բնակչութեան բազմաթիւ կարիքները հոգալու համար:

2)  Այնուամենայնիւ, վարչապետի կոչը, որ «աշխատանքը պէտք է խրախուսուի, ո՛չ թէ բարեգործութիւնը» հարիւր հազարաւոր աղքատներ պիտի զրկէ իրենց առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն: Ներդրումները ժամանակ կը պահանջեն ժողովուրդին հասնելու եւ արդիւնքներ ստանալու համար: Այդ ընթացքին, եթէ բարեգործական ջանքերը չխրախուսուին, շատ աղքատ մարդիկ չեն կրնար գոյատեւել…

3) Ոչ բոլոր սփիւռքահայերը կրնան ներդրումներ կատարել Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Կան տասնեակ բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնք օրէնքով չեն կրնար ներգրաւուիլ տնտեսական գործունէութեան մէջ, քանի որ անոնք կրնան միայն բարեգործութիւն ընել: Երկրաշարժէն եւ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր հայկական եւ միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւնները մեծ քանակով օգնութիւն ցուցաբերած են Հայաստանին եւ Արցախին: Եթէ այդ մարդասիրական օգնութիւնը չըլլար, կենսամակարդակը աւելի ցած պիտի ըլլար, վտանգելով բազմաթիւ հայերու գոյատեւումը: Չխրախուսելով բարեգործութիւնը, մենք պարզապէս կը խնդրենք բարեգործական կազմակերպութիւններուն չօգնելու Հայաստանի կարիքաւորներուն:

4) Հայաստանի կառավարութիւնները գումարի սղութեան պատճառով դեռ չեն կրցած  բաւարարել իրենց բնակչութեան կարիքները: Սփիւռքի բարեգործական կազմակերպութիւնները օգնութիւն տրամադրած են, բան մը, որ կառավարութիւնը չէր կրնար ընել: Եթէ անկախութենէն ի վեր Հայաստանը բարեգործական օգնութիւն չստանար, ժողովուրդի շատ կարիքներ չէին կրնար հոգալ, եւ Հայաստանը կ՝ըլլար աւելի աղքատ երկիր…

5) Եթէ նոյնիսկ այսօր Սփիւռքը սկսի ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ, ատիկա չի նշանակեր, որ նոր միջոցներու ներհոսքը մէկ գիշերուան ընթացքին պիտի բաւարարէ ժողովուրդին բոլոր կարիքները: Ի հարկէ, որոշ մարդիկ, ի վերջոյ, պիտի աշխատին, սակայն շատերը, ինչպէս օրինակ, տարէցները, առաջուան նման ոչ մէկ եկամուտ կ՝ունենան իրենց չնչին թոշակներէն բացի: Անոնք, որոնք տեղեակ չեն Հայաստանի մէջ տիրող ծայրաստիճան աղքատութեան մասին, պէտք է կարդան «Կարտիըն» թերթին մէջ 2018 Սեպտեմբեր 29-ին հրապարակուած Նիք Տանցիկըրի յօդուածը՝ «Աւելի լաւ է մեռնիլ». գոյատեւութեան պայքար աղքատութեան մէջ Հայաստանի» վերնագիրով:

6) Թիւր կարծիք ձեւաւորուած է, որ եթէ Հայաստանի մէջ շատ ներդրումներ ըլլային՝ կարիք չէր ըլլար բարեգործութեան: Գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ, նոյնիսկ առաւել զարգացած, կան հարիւրաւոր բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնք կը բաւարարեն աղքատ մարդոց կարիքները: Միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ բարեգործական կազմակերպութիւնները միլիառաւոր տոլարներու օգնութիւն կը տրամադրեն կարիքաւոր անհատներուն եւ ընտանիքներուն: Եթէ ամերիկացիները բարեգործութեան կարիք ունին, հայերը անկասկած դեռ երկար ժամանակ բարեգործական օգնութեան կարիք պիտի ունենան…

Հետաքրքրական է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեան, վերջերս ստեղծեց իր բարեգործական կազմակերպութիւնը՝ «Իմ քայլը» հիմնադրամը՝ կրթական, առողջապահական, հասարակական եւ մշակութային ծրագիրներուն աջակցելու համար: Ան կ՝ընէ ա՛յն, ինչ որ միանգամայն անհրաժեշտ է, քանի որ Հայաստանի ժողովուրդը օգնութեան խիստ կարիք ունի…

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը