Բանաստեղծութեան Նոր Գիրքի Մը Առթած Մտածումներու Մասին, Բայց Ոչ Գիրքի

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Պիտի չխօսիմ ոչ գիրքին եւ ոչ ալ անոր բանաստեղծական արժէքին մասին: Ընդհանրապէս «ոտանաւոր» կամ «անոտք» գրութիւնները կը դասենք «բանաստեղծութիւն» գլխուն տակ, առանց ըսելու, թէ ինչո՞ւ անոնք բանաստեղծութիւն են կամ չեն:

Այս գեղատիպ եւ գեղակազմ գիրքը զիս մղեց մտածելու «բանաստեղծութեան» մասին, փորձելով հասկնալ բանաստեղծութիւնը եւ բանաստեղծը, յղացքը եւ ստեղծագործողը, դուրս գալով սեփական այգիի գովերգութենէն, թեւածելով ժամանակին մէջ:

Նախ հայերէն բառը. բան ստեղծել… բանը խօսք: Այդ է արդէն բանաստեղծութիւնը, որ գիտութիւն չէ, նոր խօսք է, նոր պատկեր, կրկնութիւն չէ: Ստեղծում  է: Նոյն բառով տարբեր եւ ուրիշ բան ընելու եւ ըսելու արուեստ:

Եթէ ետ երթանք պատմութեան մէջ, գիրի եւ խօսքի սկզբնաւորութեան որոնման, անպայման կանգ պիտի առնենք հին Յունաստանի դրան առջեւ:

Հին յոյները բանաստեղծութեան համար կ’ըսէին poiein, որ կը նշանակէ «արարել, ստեղծել», ուրկէ եկած է ֆրանսերէն poésie-ն: Հայերէն բառը հարազատ է յունական ըմբռնումին, եւ կը զարմանամ, որ մենք ինչո՞ւ կ’որդեգրենք տառադարձութեամբ հայացուած պոէզիան:

Բանաստեղծութիւնը կայ բանաստեղծով, բայց ո՞վ է ան, ի՞նչ է ինք, ի՞նչ է նախ իր ինքներեն տուած դերը, ինչպէ՞ս կը սահմանուէր եւ կը սահմանուի իր դերը ընկերութեան մէջ:

Ան լեզուով արարող մըն է, արարիչ բառէն ստացուած իմաստով, արարող՝ զգացումներու, գաղափարներու, պատկերներու՝ բառերու կաղապարին մէջ, ինչպէս քանդակը կը ժայթքէ մարմարէն: Ան բառերուն եւ խօսքին կու տայ արտայայտչական ինքնատիպ ձեւեր, այսինքն մշակին կամ դարբինին գործածած բառը եւ խօսքը իրաւ բանաստեղծը կը վերածէ ինքնատպութեան, անկրկնելութեան: Այդ ինքնտպութիւն-արժէքը չի ստեղծուիր կողմնապաշտական, ընկեր-բարեկամի, մենք ու մերոնքի շրջանակի մէջ փոխշնորհուած պսակներով:

Քաղաքական գործիչին, զինուորականին կամ տնտեսագէտին գործածած հայրենիքբառը, թիւերով եւ նախատեսութիւններով, հասարակաց ոչինչ ունի բանաստեղծի հայրենիքին հետ: Հայերէն տաղասացը նոյն միտքը կը փոխանցէ, սէր եւ երանգ: Բանաստեղծին կինը՝ տանտիկինը, ճաշ եփող եւ զաւակ ունեցող կինը չէ, անով երազ եւ զգայնութիւն կ’արարէ, բանի ուժով զայն կը քանդակէ:

Բան ստեղծելու արուեստը չէ սկսած երբ մարդկութիւնը ստեղծած է գիրը: Բանաստեղծութիւնը մարդու երեւումին չափ հին է, ան բանաւոր կերպով աւանդուած է, երգուած է, նաեւ նուագի ընկերակցութեամբ: Տաղաչափեալ բանաստեղծութիւնը կը յուշէ բառի եւ երաժշտութեան այդ կենակցութեան մասին, կը վկայէ անոր հմայքի յաւելման եւ ճոխացման մասին:

Մէկ ժամանակէ միւսը, մէկ բանաստեղծէ միւսը, բանաստեղծութիւնը կը ներկայանայ տարբեր պատկերով, յուզականութեամբ եւ պատգամով, ըսելաձեւի փոփոխութեամբ: Նաեւ մեր մէջ: Այսպէս, կարգ մը բանաստեղծներ կը խնամեն ձեւը, երաժշտականութիւնը, կը քանդակեն, ուրիշներու համար բանաստեղծութիւնը միջոց է իրենց յոյզերը արտայայտելու, ասոնք քնարարգակներն են, կան նաեւ բանաստեղծներ, որոնք կ’ուզեն ապագան տեսնել, պատգամ փոխանցել, կան նաեւ յանձնառու բանաստեղծներ, որոնք իրենց գաղափարներուն բեմ կը դարձնեն բանաստեղծական խօսքը:

Կարեւորը այն է, որ բանաստեղծին խօսքը ըլլայ գեղեցիկ, ինքնատիպ, յուզող, անմիջականէն անդին տանող, բառերը զգենուն բառարանին մէջ տրուածէն տարբեր խորութիւն եւ երանգ: Բանաստեղծը ըլլայ խորհրդապաշտ, սէմպոլիստ, թէ վիպապաշտ, ռոմանդիկ:

Ինչպէս ֆրանսական գրականութեան, այնպէս ալ հայ գրականութեան մէջ, վիպապաշտութիւնը, ռոմանթիզմը, տիրական գիծ եղած է, եւ է, նոյնիսկ երբ անոր կը գումարուի զայրոյթ, սէր, պատմութիւն, ազգային հզօր զգացում, Դուրեանէն Տէրեան, Յարութ Կոստանդեան, Մուշեղ Իշխան, Սիլվա Կապուտիկեան եւ Յովհաննէս Շիրազ, նոյնիսկ՝ Եղիշէ Չարենց: Վիպապաշտութիւնը, եթէ կարելի է այսպէս խօսիլ, մաս կը կազմէ մեր զգալու եւ տեսնելու կերպին: Կրկին, ինչպէս ընդհանրապէս բանաստեղծութեան, բայց նաեւ հայ բանաստեղծութեան մէջ, երաժշտականութիւնը կը շարունակէ վիպպաշտութիւնը եւ ծաւալ կու տայ անոր,- Միսաք Մեծարենց եւ Վահան Տէրեան,- խօսքին դրոշմելով տեւողութեան զգայնութիւն, եւ գեղեցիկի ծաւալ: Կրկին կարդալ Վերլէնի «Աշնան երգերը»ի (Chansons d’automne) բնագիրը եւ Սիպիլի թարգմանութիւնը, Վահան Տէրեանի «Մոռանալ…»ը, Մեծարենցի «Կիրակմուտք»ը:

Բանաստեղծութեան եւ բանաստեղծին համար չկան կանխորոշուած նիւթեր, կան աշխարհը, ժամանակը, կեանքը եւ մարդը՝ այդ բոլորի հանդիպման բեմին վրայ, իր որոնած ուրախութեամբ, ցաւերով, յոյսերով, որոնք հաշուպահի նկարագրութիւն ըլլալէ կը դադրին, երբ կ’անցնին իր հոգիի բովէն: Այդ անցումը եթէ ինքնատիպ բանի-ստեղծում չըլլայ, կը մնայ ընթացիկի ցանկին վրայ, այդքա՛ն, լրագիրներու օրուան դէպք: Պէտք է վերստին կարդալ Շարլ Պոտլէրի «Receuillement»ը, եւ հետեւիլ, թէ ինչպէս ցաւը, քաղաքներու գռիհները, կը դառնան բանաստեղծութիւն, կը թրթռան, կ’ըլլան ինքնատիպ գեղեցկութիւն: Այդպէս է, որ բանաստեղծը աշխարհի եւ հոգիի շփոթանքները եւ պղտորութիւնները կը վերածէ ինքնատիպ պատկերներու, երգի, համանուագի, կը դաշնաւորէ: Կարդալ քիչ յիշուող Սլաւիկ Չիլոյեանի «Հայաստանը».

«Գիտես ինչ, Հայաստա՛ն,

քեզ հետ մենք այնքան

երկար ենք ապրել,

որ մեր ծիծաղն ու լացը

դարձել է մօր-մանկան փոխյարաբերութիւն,

դարձել է զրոյց մի աւանդական,

աւելին.

մտերիմ մի խօսակցութիւն»:

Մտերիմ: Թափանցող: Ոչ փող եւ ոչ թմբուկ:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի, կ’ունենայ ապրումներ, երազներ, կը յուզուի բնանկարի մը առջեւ, աշնանային կամ գարնանային գեղեցկութեամբ, կը կախարդուի կնոջ մը պատկերով կամ հանդիպումով, բառեր կը կուտակէ, բայց բանաստեղծն է միայն որ կը ստեղծէ Չարենցի «Լուսամփոփի պէս աղջիկ»ը.

Լուսամփոփի՜ պես աղջիկ՝ աստվածամօր աչքերով,
Թոքախտավոր, թափանցիկ, մարմինի՜ պես երազի,
Կապո՜յտ աղջիկ, ակաթի ու կաթի պէս հոգեթով,
Լուսամփոփի՜ պես աղջիկ…

Այսինքն լեզու գիտնալով, արտայայտուելու դիւրութիւն ունենալով ոտանաւոր կարելի է գրել, բայց անոնք անբաւարար են բանաստեղծութիւն արարելու համար: Բանաստեղծին «բառեր»ը նոյն իմաստը չունին, անոնք տարբեր յոյզեր կը ծնին, տարբեր նաեւ մէկ ընթերցողէն միւսը: Այդ բառերը կը նմանին դաշնակի ստեղէն ելած ձայնին, որ արուեստագէտի մատներէն ստացուած հպումէն տարբեր հմայք կ’ունենայ: Այսպէս է նաեւ բառակոյտ ոտանաւորին եւ իրաւ բանաստեղծի տողին, քառեակին, պատկերին միջեւ եղած տարբերութիւնը: Բանաստեղծը չ’ըսեր, կը թելադրէ, ինչպէս, օրինակ, Վահան Թէքեանի «Կ’անձրեւէ տղաս…»ը,

Կ’անձրեւէ, տղա՛ս… Աշունը թաց է,

Թաց աչքերուն պէս խեղճ խաբուած սիրոյն…

Համակ թելադրականութիւն, տարիքի, սիրոյ, յուսախաբութեան, անարցունք յուզումի՝ որ թաց է: Առանց հռետորութեան: Չտպաւորել, թափանցել:

Մեր իրաւ բանաստեղծերու ընթերցումը դպրոց է նորերուն համար, անոնց համար որոնք բանաստեղծելու ազնիւ ցանկութիւնը ունին, եւ ընթերցողին համար, քանի որ այդպէս կը շարունակուի բանաստեղծելու արկածախնդրութիւնը:

Բանաստեղծելու արուեստին մասին գրուած է հինէն ի վեր: Այս կամ այն ժամանակաշրջանին կամ այս կամ մշակոյթին մէջ եղած են տարբեր ըմբռնումներ, սահմանելու համար բանաստեղծութիւն արուեստը: Օրինակ, ֆրանսական գրականութեան մէջ եղած են «դպրոցներ», դասականները, ռոմանդիկները, պառնասեանները, խորհրդապաշտները, յանձնառուները, եւայլն, բայց յարիլ մէկ միւս դպրոցին չի բաւեր բանաստեղծ արտադրելու, կրնանք հանիպիլ կապկողներու: Բանաստեղծը սահմանումներէ եւ նմանակումներէ անդին կը սաւառնի:

Բայց տաղանդն ալ բաւարար չէ: Բանաստեղծութիւնը ձեւ եւ մարմին կը ստանայ, զգացումներ, գաղափարներ եւ գեղեցիկը կը շաղէ լեզուի մը մէջ, այդ լեզուի բառերով, անոնք ձայնային հրաշալիք են, երբ բանաստեղծի տաղանդը զանոնք կը տողի պարանին վրայ եւ անոնց կը դրոշմէ տեսիլք, ապրում, այն ատեն անոնք կը դադրին ունենալէ իրենց ընթացիկ իմաստը, կը զգենուն տարբեր իմաստ եւ հնչեղութիւն: Այս ընելու համար պէտք է տիրապետել լեզուին, բաբախել այդ լեզուի բառերուն հետ, անոնց տալով ինքնատիպ եւ ժառանգութեամբ ստացուած ճառագայթում: Կրկին կարդալ Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր Հող»ը, Միսաք Մեծարենցի «Ջրտուք»ը, Չարենցի «Ամբոխները խելագարուած»ը, Աբրահամ Ալիքեանի «Բարեյուսոյ Հրուանդանը», Զարիֆեանի «Կարեկցութիւն»ը:

Այս հարցով, արաբները եւ ֆրանսացիները ունեցած են լեզուական դաշնակի ստեղները անփոփոխ պահելու ընթացք:  Հակառակ տարբեր երկիրներու եւ ժամանակաշրջաններու մէջ խօսուած արաբերէններուն, գրական արաբերէնը նոյնն է, իր բառապաշարով, քերականութեամբ, շարահիւսութեամբ, ան չէ փորձած ինքզինք հարստացնել տարբեր արաբերէններով եւ փոխառութիւններով: Ֆրանսացիները, Վերածնունդի շրջանին, 1549ին, հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, «մանիֆեստ», խորագրուած «Պաշտպանութիւն եւ պանծացում ֆրանսերէն լեզուի» (Défense et illustration de la langue française), որուն հունով ծնունդ առաւ Ակադեմիան եւ մինչեւ այսօր ֆրանսերէնի անաղարտութիւնը կը հսկուի եւ կը պահուի: Պարզ է. բառը չէ որ իմաստ եւ ճառագայթում կու տայ բանաստեղծութեան, այլ բանաստեղծն է որ բառին մէջ կը դնէ ի՛ր խորհուրդը: Բառարանի ածականները շարոց դարձնելով բանաստեղծութիւն չի ստեղծուիր:

Փակագիծ. թերեւս օր մը, ազգովին իմաստնանալով, պիտի ընենք արաբներուն պէս, կամ կրկնենք 1549ի ֆրանսացի բանաստեղծներու յանդգնութիւնը, հրապարակելով՝ «Հայերէնի պաշտպանութիւն եւ պանծացում» խորագրուած «մանիֆեստ» մը, ազգի անդամներու եւ անոնց գրականութեան մէկութիւնը ստեղծելու համար: Գրական հայերէնը պէտք է դարձնել ճշմարտապէս գրական, եւ դադրիլ զայն խեղճացնելէ, առարկելով, որ ան «սոցիալական երեւոյթ է»: Արաբի գրական լեզուն Մարոք, Պէյրութ, Մեքքէ, Գահիրէ նոյնն է, Փարիզի, Մարսիլիայի, գանատական Քէպէքի կամ ափրիկեան երկիրներու գրական ֆրանսերէնները նոյնն են, ափրիկեցի Լէոփոլտ Սեկոր Սենկորի, Հանրի Թրուայայի եւ Ժան-Փոլ Սարթրի գրական ֆրանսերէնը նոյնն է, հետեւանք՝ «Պաշտպանութիւն եւ պանծացում ֆրանսերէնի» ըմբռնումի: Լեզուն ամբոխայնացնելով գրական արժէք չենք ստեղծեր:

Բանաստեղծական արուեստը, եւ ընդհանրապէս գրականութիւնը, պիտի ձուլուին անաղարտ լեզուի մէջ:

Ապա կու գայ մշակման հարցը: Այս մասին խօսած է ֆրանսացի բանաստեղծ Նիքոլա Պուալոն (ԺԷ դար): Ան կ’ըսէ, օրինակ, որ քսան անգամ սեղանի վրայ դրէք ձեր գրածը, սրբագրեցէ՛ք եւ կրկին սրբագրեցէ՛ք: Իսկ երբեմն ուսուցիչներ կան, որոնք իրենց դրոշմը կը ձգեն: Այդպէս, ուսուցիչ մը ունեցած եմ, որ կ’ըսէր. նախ գրեցէք եզրակացութիւնը, որպէսզի գիտնաք թէ ո՞ւր կ’երթաք եւ ինչո՞ւ, յետոյ խմբագրեցէք ձեր ըսելիքը, ապա միայն գրեցէք ներածականը ըսելու համար թէ ի՞նչ պիտի ըսէք եւ ինչո՞ւ: Իսկ աւելի կարեւոր. կ’ըսէր, որ ձեր գրածը կարդացէ՛ք երկու անգամ, կարմիր մատիտով, եւ ամէն մէկ բառի եւ տողի համար հարց տուէք, որ եթէ այդ բառը կամ տողը վերցնէք գրութիւնը կը վնասուի՞, եւ երկրորդ ընթերցումով սրբագրեցէ՛ք յարգելով լեզուն, որ կրողն է գաղափարներուն: Այս պէտք է ընել, որպէսզի բանաստեղծական կամ արձակ էջը չծանրաբեռնուի աւելորդաբանութեամբ եւ չաղքատանայ լեզուական անճոռնիութեան պատճառով: Ստեղծագործական գեղեցկութիւնը կը նուաճուի այս ճիգով, ոչ կրկնութիւններով, ոչ ալ ածականներու եւ հոմանիշներու կուտակումով:

Իսկ կը շահինք, եթէ ամենուրեք խօսուած եւ գրուած հայերէնի նկատմամբ նոյն բծախնդրութիւնը ունենանք:

Նիքոլա Պուալօ, ինչպէս դիտել տրուած է, հետեւութեամբ յոյն բանաստեղծ Հորասի, կ’ըսէ.

Ինչ որ լաւ կը յղանանք, կ’արտայայտուի յստակօրէն:

Եւ այդ ըսելու համար բառերը կու գան  հեշտութեամբ:

Դարերու ընթացքին ըսուածի բովանդակութիւնը կը փոխուի, բայց բանաստեղծութեան եւ ընդհանրապէս գրականութեան անմիջականէն եւ գռեհիկէն անդին անցնելով գեղեցիկի նուաճում ըլլալու փառասիրական լարումը կը մնայ նոյնը:

Բանաստեղծը եւ գրողը իրենց ժամանակը արտայայտելու եւ գերանցելու համար բովանդակութեան հարստութիւնը եւ լեզուի գեղեցկութեան նուաճումը միաժամանակ պէտք է կարենան իրականացնել:

Կ’ըսեն, թէ մեծ բանաստեղծ-առակագիր Լա Ֆոնթէն իր գրութիւններէն մին քսան տարի պահած է գրպանը եւ սրբագրած:

Կարդալ Դանիէլ Վարուժան, Միսաք Մեծարենց եւ Վահան Թէքէեան…ոչ թէ կրկնելու համար, այլ որպէս աշակերտ…

Խորագրով յիշուած հատորի ընթերցումը կը յառաջացնէր այն միտքը, որ բանաստեղծութիւնը շատախօսութեան ծառայութեան կոչուած լեզուական դիւրութիւն պէտք չէ ըլլայ, նոյնիսկ եթէ շնորհահանդէսը կամ գինեձօնը տպաւորիչ ըլլան եւ ճոխ, ընկեր-բարեկամի խօսքը առատ…

Տեւաբար պէտք է առաջնորդուիլ մարդկայինի եւ գեղեցիկի հեռանկարով՝ երբ կը հպատակինք արարելու կոչման…

Եւ չչարչարել տպարանները եւ չփճացնել ծառ-անտառ թուղթը…

Կը վերականգնի՞ իսկական գրական քննադատութիւնը, որ գիտնայ, ինչպէս Շաւարշ Նարդունի ըսած է, «կատուն կատու կոչել»:

Այն ատեն հայերէն խօսքը եւ գիրքը կը նուաճեն որակ, որպէսզի, բանաստեղծի ըսածին պէս, նաեւ տեւենք լեզուով…