
Բակօ Սահակեան Ներկայ Եղած է Ծրագրային Համաբանակային Հրամանատարական Հաւաքներուն
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Հոկտեմբեր 2-ին, ներկայ եղած է ծրագրային համաբանակային հրամանատարական հաւաքներուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ երկրի ղեկավարը համոզուած յայտնած է, որ այսպիսի ձեռնարկներու իրականացումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման ու ազգային պաշտպանական համակարգի ամրապնդման վրայ:
Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է բարձրագոյն հրամանատարական կազմին՝ հաւաքներու պատշաճ կազմակերպման ուղղութեամբ: