Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան Ներկայացուցիչը Խոստացած Է Աջակցիլ Արցախի Ականազերծման Աշխատանքներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով համակարգողի օգնական Պրոք Պըրմըն խոստացած է շարունակել Արցախի ականազերծման աշխատանքները «Տը Հէյլօ Թրասթ»-ի միջոցով` պատասխանելով քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հարցումին, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործոց յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Պըրմըն նկատած է, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի քան 43 միլիոն տոլար յատկացուցած են Արցախին, եւ այդ գումարին շնորհիւ ականազերծման համար նախատեսուած տարածքի 97,6 առ հարիւրը մաքրուած է:

Ներկայացուցիչներու տան Եւրոպայի հարցով արտաքին գործոց ենթայանձնախումբի նախագահ Տանա Ռոհրպախըր նշած է, որ ականազերծումը լաւագոյն նախագիծերէն է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան ֆինանսաւորել:

Քոնկրեսական Շըրմըն եւս շեշտած է, որ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է հայկական սփիւռքի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելով Հայաստան եւ շրջան աջակցութեան ուղարկման հաւանական հեռանկարները: