Երկրորդ Երեխայի Ծննդեան Միանուագ Նպաստը Եռապատկելու Որոշումը Այսօրուընէ Ուժի Մէջ է
Հոկտեմբեր 1-էն ուժի մէջ կը մտնէ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանի հեղինակած նախագիծը, որով երկրորդ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը կ՛եռապատկուի:
Նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծի ընդունումէն ետք 2018-ի Հոկտեմբեր 1-էն ընտանիքի երկրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրուող երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստի չափը կ’աւելնայ 3 անգամ` գործող 50 հազար դրամի փոխարէն 150 000 դրամ:
«Ըստ վիճակագրական տուեալներու` 2014-2016 թուականներուն Հայաստանի մէջ ծնած է երկու կարգաթիւ ունեցող համապատասխանաբար 16051, 15850, 15032 երեխայ: Կը կանխատեսուի, որ 2018թ. 2-րդ կիսամեակին Հայաստանի մէջ լոյս աշխարհ կու գայ երկու կարգաթիւ ունեցող շուրջ 7500 երեխայ: Այս պարագային լրացուցիչ ամավարկային միջոցներու պահանջը 2018-ի Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր ամիսներուն պիտի կազմէ շուրջ 375 միլիոն դրամ, իսկ 2019-ի եւ յետագայ տարիներու համար` տարեկան շուրջ 1.5 միլիառ դրամ:
Անհրաժեշտ ամավարկային յատկացումները 2018-ի համար պիտի իրականացուին ՀՀ 2018 պետական ամավարկով ընկերային պաշտպանութեան ոլորտի գծով նախատեսուած ընդհանուր յատկացումներու ծիրէն ներս:
Յիշեցնենք, որ «ՀՀ կառավարութեան 2014 թուականի Մարտ 6-ի N 275-ն որոշման մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծը հաստատուած էր ՀՀ կառավարութեան Սեպտեմբեր 14-ի նիստի ընթացքին»,- կը յայտնեն նախարարութենէն:
