Պաքու Սպառնալիքներ Կը Հնչեցնէ Արցախի Ռազմափորձերուն Կապակցութեամբ
Ատրպէյճանը «լարուածութեան աճին ուղղուած սադրանք» որակած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ ռազմափորձեր կատարելու հայկական ուժերուն նախաձեռնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։
Նշենք, որ Արցախի բանակի ստորաբաժանումները Սեպտեմբեր 25-28-ի միջեւ ռազմափորձեր կ՛իրականացնեն Արցախի մէջ։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այդ կապակցութեամբ տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն՝ «թշնամիին օդուժը պիտի ոչնչացուի, եթէ փորձէ մօտենալ ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն»:
Ըստ նոյն նախարարութեան՝ «հաւանական կորուստներու համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Հայաստանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը»:
Միւս կողմէ, արեւմտեան լրատուական գործակալութիւններու հարցումներուն պատասխանելով՝ Արցախի ուժերու հրամանատարները ըսին. «Ատրպէյճանի ուժերի կողմից վտանգի դէպքում՝ առա՛նց վարանելու պատասխան կը տանք»:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 26-ին, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
