«Զինծառայողներու Ապահովագրութեան Հիմնադրամ»-ին Փոխանցուած է Մօտ 270 Միլիոն Դրամ. ԱՀ Ելեւմտական Նախարարութիւն

Հայաստան

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ժամանակ զինծառայողներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» ԱՀ օրէնքին համապատասխան, Սեպտեմբեր 14-ի, դրութեամբ «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ին փոխանցուած է վարձու աշխատողներու եւ անհատ ձեռնարկատէրերու կողմէ վճարուած 269.8 միլիոն դրամի չափով դրոշմանիշային վճարներ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած են ԱՀ ելեւմտական նախարարութենէն: Աղբիւրին համաձայն՝ իւրաքանչիւր գործատու կամ քաղաքացի իր կողմէն կատարուած դրոշմանիշային վճարներուն գումարները կրնայ տեսնել «Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ի կայքին վրայ` www.1000plus.am հասցէով: