Ո՞վ Պիտի Տուժէ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Գանձասար”-ի խմբագրական


Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան եւ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցի գաղտնալսումը ապօրինի ու դատապարտելի է անտարակոյս: Անոր բովանդակութիւնը չ’արդարացներ կատարուած օրինախախտումը:

Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, դատական համակարգի անկախութիւնը խախտող մտահոգիչ երեւոյթ մը երեւան կը բերէ: Երեւոյթ մը, որ արդարանալի չէ Հայաստանի կառավարման համակարգը ժողովրդավարութեան հիմքին վրայ հաստատել փորձող կողմերու ճիգերուն մէջ:

Համակարգը փոխելու համար նախ քաղաքական դաշտին մէջ գործող ուժերուն առարկայական մօտեցումը անհրաժեշտ է զգալ ու տեսնել: Ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու հիմքը առարկայական քննարկումներն ու տրամաբանօրէն զարգացող գործընթացները պիտի կազմեն, ոչ թէ ամէն բան արդարացնելու անհիմն յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները: Որքան ալ քաղաքական դաշտի մէջ մրցակցութիւնը սուր ըլլայ, անհրաժեշտ է որ հիմնուի գործի, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման սկզբունքներու եւ ոչ թէ զգացական պոռթկումներու եւ սահմանադրութիւնն ու դատաիրաւական համակարգը խախտող ու քաղաքական դաշտը բեւեռացնող մօտեցումներու վրայ:

Հայաստանի մէջ արմատական փոփոխութիւններու իրականացումը բնականաբար դժուարութիւններու պիտի հանդիպի, որոշ կողմեր պիտի փորձեն խափանել փտածութեան դէմ պայքարն ու ազատ մրցակցութեան դաշտի ձեւաւորումը: Այնուամենայնիւ այս դժուարութիւններուն առաջքը առնելու եւ Հայաստանի արդէն իսկ բարձրացած միջազգային վարկը պահպանելու համար քաղաքական ուժերը քննարկումի իրենց դաշտը պէտք է դարձնեն ներքին հարթակները՝ Ազգային Ժողովը գլխաւորաբար:

Եւրոպական Խորհուրդի ԽՎ-ի  քաղաքական հարցերու եւ ժողովրդավարութեան յանձնաժողովի նիստին Հայաստանի տիրող ներքաղաքական իրավիճակը եւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումները քննարկելէ առաջ, նախընտրելի պիտի ըլլար օգտագործել Ազգային Ժողովի հարթակը։ Այնտեղ սրբաց ու կառուցողական քննարկումներ կատարելու եւ այս օրակարգը փութալով չհասցնելու  Եւրոպական Խորհուրդի ԽՎ-ի վերոյիշեալ յանձնաժողովի նիստ՝ գէթ այս օրերուն:

Քաղաքական ուժերը պիտի կարենան օգտագործել իրենց ներքին լծակները ու դրական ներգործութեամբ թափ տալ փտածութեան եւ մենաշնորհեալներուն դէմ պայքարին: Արտաքին հարթակներ օգտագործելը կամ գաղտնալսումներ իրականացնելը մեր երկրի վերելքին նպաստող քայլեր չեն համարուիր: Նման գործելաոճով մեր երկիրը պիտի ըլլայ առաջին տուժողը:

Օրէնքներու, օրինականութեան եւ իրաւունքի սկզբունքներու պահպանումը, անվտանգութեան ու քննչական մարմիններու գործողութիւններուն օրինականութիւնը յանդգնութեամբ քննելն ու հետեւողական ոգիով գործելն է, որ մեր երկրին զօրեղացումին ու  բարեփոխումներուն պիտի նպաստեն: Այս աշխատելաոճն է  որ ներկայ կառավարութիւնը եւս պիտի ուժեղացնէ:

Ուժգնօրէն ներքին վէճերով տարուելու փոխարէն, փափաքելի է հաստատ, բաղձալի կռուանի մը վրայ դնել Հայաստանի մէջ արդար ու ժողովրդավար կարգեր հաստատելու առաջնահերթ գործը:

Կը յուսանք, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընթացքն ու արդիւնքները նորովի հարթութիւն կը պարգեւեն մեր երկրի ժողովրդավարական ճամբուն եւ կ’ամրագրեն վստահութեան մթնոլորտը: