Մեկնարկած է ՀՀ Վարչապետի Այցը Ֆրանսա. Նիկոլ Փաշինեան Ծաղկեպսակ Դրած է Կոմիտասի Յուշարձանին եւ Հանդիպած Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով, Սեպտեմբեր 13-ին, մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: Վարչապետը օդակայանէն ուղեւորուած է Փարիզի «Երեւան» պուրակ, ուր ծաղկեպսակ դրած է Կոմիտասի յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀ վարչապետը, այնուհետեւ, ընթրիք ունեցած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց մէջ եղած են Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայ պատգամաւորներ, քաղաքական, հասարակական գործիչներ, գործարարներ, արուեստագէտներ, մասնաւորապէս, Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Կեպենեկեան, Փարիզի 9-րդ թաղամասի փոխքաղաքապետ Ալեքսի Գովճեան, Ֆրանսայի կառավարութեան նախկին անդամ Փաթրիք Տէվէճեան, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, գործարարներ` Դանիէլ Քիւրքչեան, Սերժ Չուրուք, Վարդան Սրմաքէշ, Արմէն Պետրոսեան, Ալեն Միքլի, Ֆրանսայի շարժանկարի գործիչներու միութեան նախագահ Ալեն Թերզեան, աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքաեֆ եւ ուրիշներ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետը նշած է, որ այսօրուան ձեռնարկը ֆրանսահայութեան հռչակաւոր զաւակներու ներկայացուածութիւնը կը խորհրդանշէ այն հնարաւորութիւններուն, որոնք այսօր բացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ:

«Ի՞նչ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, շատ պարզ բան մը. Հայաստանի քաղաքացին եւ հայ ժողովուրդը սկսաւ հաւատալ ինքն իրեն. առանցքային փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է` այս է: Կապ չունի, թէ ով է իշխանութիւն եւ ով ընդդիմութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իշխանութիւնը ժողովուրդն է, եւ ասոր մէջ որեւէ չափազանցութիւն չկայ: Այսօր ընդունած եմ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբին ներկայացուցիչները, որոնց հետ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական խօսակցութիւն. անոնց ըսի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը ձեւաւորուի կառավարման նոր համակարգ. ատիկա ուղիղ ժողովրդաիշխանութիւնն է: Քանի որ այս արտայայտութիւնը թիւրըմբռնումներու առիթ կու տայ, կ՝ուզեմ նշել, որ ատիկա ըսելով նկատի ունիմ հետեւեալը. Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները աւելի կարեւոր մասնակցութիւն պէտք է ունենան երկրի կառավարման, մասնաւորապէս հանրաքուէներու միջոցով: Կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ սկսած է նոր գործընթաց մը, որ պիտի տարածուի աշխարհի մէջ: Կ՝ուզեմ հաւատալ, որ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը ստանձնած են դերակատարութիւն մը, որ ունի համաշխարհային նշանակութիւն, եւ ես կը կարծեմ, որ հայ ժողովուրդը ունի ներուժ, պատմութիւն եւ հմտութիւն աշխարհի մէջ նոր համակարգերու ստեղծման ճանապարհին իր դերակատարութիւնը ունենալու համար: Տեսնելով ներկաները` կ՝ուզեմ հաւատալ, որ մեր պետութիւնը պիտի ըլլայ ժամանակակից քաղաքականութեան ո՛չ թէ ետնաբեմին վրայ, այլ պիտի ստանձնէ առաջնորդութեան իր չափաբաժինը: Հայ ժողովուրդը ունի այդ ներուժը եւ իբրեւ քրիստոնէութիւնը առաջինը ընդունած ժողովուրդ` ես աւելի կը հաւատամ այդ գաղափարին, որ մենք ունինք շատ աւելի լուրջ եւ մեծ ներուժ: Մենք մեր ուժերը պէտք է մէկտեղենք, եւ ատոր իբրեւ արդիւնք է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած են քաղաքական փոփոխութիւնները, որովհետեւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է ո՛չ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, այլեւ Սփիւռքի գործուն մասնակցութեամբ: Ի՞նչ նկատի ունիմ մասնակցութիւն ըսելով. յստակ դիրքորոշում եւ տեսակէտ արտայայտելը այս հարցով ամենահզօր գործօնն էր, որ կրնար փոխել քաղաքական իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Ինծի  համար չափազանց կարեւոր է տեղի ունեցածին հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքական բովանդակութիւնը, որ ինչպէս պարզուեցաւ` պէտք է միաւորեր բոլորս: Ես կը հաւատամ, որ հայ ժողովուրդը մտած է նոր դերակատարման փուլ, եւ այդ նոր դերակատարումը՝ առաջին հերթին՝ ազատ եւ երջանիկ հայրենիք կերտելն է: Կրնամ երաշխաւորել, որ այսօր Հայաստանի մէջ բոլորը՝ առանց բացառութեան՝ հաւասար են օրէնքի առջեւ: Երկրին մէջ ոեւէ մէկուն որեւէ բանով աւելի եւ պակաս չըլլալը այն անկիւնաքարն է, որուն վրայ կը կառուցուի մեր նոր իրականութիւնը: Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այս վերաբերմունքին եւ ընդունելութեան համար։ Շատ բաներ դեռ չեն խօսուած, բայց կ՝ուզեմ հաւաստիացնել, որ ձեր աչքերուն մէջ կարդացի այն ամէնը, ինչ կ’ուզէիք ըսել, յոյս ունիմ, որ իմ աչքերուն մէջ տեսաք այն ամէնը, ինչ կ՝ուզէիք լսել: Մենք նոյն նահապետի յետնորդներն ենք, նոյն հայրենիքի զաւակներն ենք,  նոյն երազանքներու կրողներն ենք, նոյն յաղթանակի կերտողներն ենք եւ պէտք է ըլլանք միասին»,- ըսած է վարչապետը:

Մտքերի փոխանակութեան ընթացքին վարչապետը պատասխանած է ֆրանսահայ գործիչներու տարբեր հարցերու, որոնք վերաբերած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, ժողովրդավարութեան զարգացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, գործարար միջավայրի բարելաւման, ներդրումներու ներգրաւման եւ այլ թեմաներու: