ԵԽԽՎ Բանաձեւի Նախագիծէն Հակահայկական Ձեւակերպումը Հանուած է

Հայաստան

ԵԽԽՎ բանաձեւի նախագիծէն հանուած է հակահայկական ձեւակերպումը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ԵԽԽՎ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան:

«Թերեւս, եթէ չըլլար Ատրպէյճանի նախագահի երեկուան ռազմահայրենասիրական ու պաթոսախեղդ ջղագրգռութիւնը, չէի անդրադառնար այս հարցին, քանի որ չեմ սիրեր վաղօրօք փակագիծեր բանալ։ ԵԽԽՎ հոկտեմբերեան նստաշրջանին պիտի տրամադրեմ առաւել մանրամասն տեղեկատւութիւն, իսկ առայժմ փաստենք, որ ջղագրգռութեան պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ երկու օր առաջ՝ հերթական անգամ՝ Ատրպէյճանի համար այնքան բաղձալի ձեւակերպումը առ այն, որ «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մասն է», տեղ չգտաւ հերթական զեկոյցի նախագիծին մէջ»,- գրած է Արփինէ Յովհաննիսեան։

Ան ընդգծած է, որ ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար իբրեւ իր պաշտօնավարման մէկ տարուան ընթացքին ասիկա վեցերորդ անգամն է, որ բանաձեւերուն մէջ տեղ չեն գտներ կամ կը հանուին ատրպէյճանական լոպպինկի հետեւանքով այս կամ այն զեկոյցին մէջ տեղ գտած անցանկալի ձեւակերպումները։

«Նոյն աշխատանքը կը շարունակուի այսուհետեւ նոյնպէս: Ալիեւը կարիք ունի հասկնալու, որ ո՛չ Նիկոլ Փաշինեանը գովերգելով, իսկ յետոյ փնովելով իրեն չեն յանձներ Արցախը, ո՛չ ալ Հայաստանի ներքաղաքական հակասութիւններու վրայ յոյս դնելով, ան կրնայ երբեւէ հասնիլ մեր պաշտպանութեան տկարացման։ Երբ հարցը կը վերաբերի մեր գոյութեան ու ինքնութեան, չկայ հակասութիւն մը երկրէն ներս եւ փոխզիջում Ատրպէյճանի համար։ Յիշեցէ՛ք, պիտի չյաջողիք: Ձեր խնդիրներով զբաղեցէք։ Անոնք շատ են»,- դիմելով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ նշած է Արփինէ Յովհաննիսեան: