
Ֆրանսախօս Երկիրներու Համաժողովին Հայ Ժոդովուրդը Իրեն Բնորոշ Հիւրընկալութեամբ կը Պատրաստուի. Կայացաւ ՖՄԿ 11-րդ Ժողովի Բացման Արարողութիւնը
Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ համաժողովին, որ այս տարի պիտի իրականացուի Երեւանի մէջ, հայ ժոդովուրդը կը պատրաստուի իրեն բնորոշ հիւրընկալութեամբ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Սեպտեմբեր 12-ին, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու 11-րդ համաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին, այս մասին ըսած է ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ ժան:
Անոր խօսքով` համաժողովը արդէն իսկ կը հիւրընկալուի բարձր մակարդակով: «Մեզի համար մեծագոյն պատիւ է համաժողովը իրականացնել երկրի մը մէջ, ուր տեղի ունեցած է թաւշեայ յեղափոխութիւն, խաղաղ իշխանափոխութիւն, եւ մենք հնարաւորութիւն ունինք միասին ներգրաւուած ըլլալու այս գործին»,- ըսած է ան։
ՖՄԿ գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ Երեւանի մէջ հնարաւորութիւն ունեցած է հանդիպելու երիտասարդներու, որոնք քաղաքացիական պատասխանատւութիւն ստանձնած են առաջ տանելու թաւշեայ յեղափոխութեան ձեռքբերումները:
Երեւանի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէյեանի հաւաստիացումով` ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը ամենածաւալուն իրադարձութիւններէն է եւ անիկա նոր հեռանկարներ պիտի բանայ համագործակցութեան համար: «Մենք բարձր կը գնահատենք եւ կարեւոր կը համարենք ֆրանսական կազմակերպութիւններու եւ ֆրանսախօս քաղաքներու հետ մեր յարաբերութիւնները: Ուրախալի է, որ ֆրանսախօս երկիրներու ձեռնարկներու մեծ մասը պիտի կայանայ մայրաքաղաքին մէջ»,- նշած է Արէյեան՝ աւելցելով, որ Երեւանը բաց է եւ պատրաստ է համագործակցութեան համար:
Յիշեցնենք, որ ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովը պիտի իրականացուի 2018 Հոկտեմբեր 11-12-ին, Երեւանի մէջ: Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարական համաժողովը «Ապրիլ միասին»-ը հաստատած է իբրեւ երեւանեան գագաթնաժողովի կարգախօս։