Մամուգա Պախդաձէն Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր
Վրաստանի վարչապետ Մամուգա Պախդաձէ, Հայաստան պաշտօնական այցին ծիրէն ներս, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ դրաւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ըստ Akhaltskha.net-ի՝ Պախդաձէ, յուշահամալիրին մէջ, նաեւ ծաղիկներ խոնարհեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց զոհերու յիշատակին:

