2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991. ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը եւ Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նաց­ման վե­րա­նո­րոգ Ու­ղին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նազարէթ Պէրպէրեան


2 ­Սեպ­տեմ­բե­րը, 27 տա­րի ա­ռաջ, պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ բախ­տո­րոշ դար­ձա­կէտ մը խորհր­դանշող թո­ւա­կան դար­ձաւ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ։

Ար­ցա­խի քա­ջա­րի հա­յու­թիւ­նը, իր կող­քին ու թի­կուն­քին ու­նե­նա­լով ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը, Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Ս­փիւռ­քի հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի սխրա­լի իր խո­յան­քը յաղ­թա­կան ա­ւար­տի տա­նե­լով՝ 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին հռչա­կեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը` Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հի­մը դնե­լով։

Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան թա­ւալգ­լոր ան­կում­նե­րու ա­նի­ւը շրջուե­ցաւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան յան­դուգն այդ քայ­լով, որ վերջ տո­ւաւ Ար­ցա­խի տաս­նա­մեակ­նե­րու գե­րե­վար­ման եւ սրբագ­րեց Ս­տա­լի­նի բռնա­կալ ձեռ­քով ու «օրհ­նու­թեամբ», 1921-1923 թո­ւա­կան­նե­րուն, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ա­ղա­ղա­կող ա­նար­դա­րու­թիւ­նը։

Ծայր աս­տի­ճան դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը եւ ծան­րա­գոյն հա­րո­ւած­նե­րու դի­մա­կալ­ման գնով մեր ժո­ղո­վուր­դը, Ար­ցա­խի մէջ ու ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, կրցաւ ի­րա­գոր­ծել ատրպէյ­ճա­նեան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու իր ո­րո­շու­մը` ապ­րե­լու եւ բար­գա­ւա­ճե­լու ըն­դու­նակ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւն մը կեան­քի կո­չե­լով։

Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ծայր աս­տի­ճան պայ­թու­ցիկ վե­րի­վայ­րում­ներ կան­խե­ցին 2 Սեպ­տեմ­բեր 1991ի Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մը։ ­Թէեւ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը տա­կա­ւին գո­յու­թիւն ու­նէր, բայց 19 Օ­գոս­տոս 1991ին տե­ղի ու­նե­ցած էր Եա­նա­յե­ւի գլխա­ւո­րած պե­տա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձը` ­Կոր­պա­չե­ւեան իշ­խա­նու­թեան դէմ։

Մա­հա­մերձ ­Խորհր­դա­յին ­Կոմ­կու­սի վեր­ջին գա­լա­րու­մը ե­ղաւ Եա­նա­յե­ւեան խմբա­կին ի­րա­գոր­ծած պե­տա­կան բռնաշր­ջու­մի այդ փոր­ձը, ո­րուն նպա­տակն էր ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել 22 Օ­գոս­տոս 1991ին նա­խա­տե­սո­ւած ­Միու­թե­նա­կան ­Նոր ­Պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­թիւ­նը Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան մա­կա­նին տակ առ­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ պե­տու­թեանց մի­ջեւ։

Եա­նա­յե­ւեան պե­տա­կան բռնաշրջու­մը սան­ձո­ւե­ցաւ ու ձա­խո­ղու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ` Ել­ցի­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ հա­մախմ­բո­ւած ռուս ա­զա­տա­կան հո­սան­քի հա­կա­հա­րո­ւա­ծին հե­տե­ւան­քով։ ­Թէեւ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ջնջո­ւե­ցաւ 22 Օ­գոս­տոս 1922ին նա­խա­տե­սո­ւած Միու­թե­նա­կան ­Նոր ­Պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­թիւ­նը։ Այ­սու­հան­դերձ` ա­զա­տա­կան­նե­րու յաղ­թա­նա­կով ձեռ­նար­կո­ւե­ցաւ նոր պայ­մա­նագ­րի մը պատ­րաս­տու­թեան, որ քա­նի մը ա­միս ետք` ­Դեկ­տեմ­բեր 1991ին հիմք պի­տի ծա­ռա­յէր ­Խորհրդա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ու վերջ­նա­կան լու­ծա­րու­մին։

Հա­մա­խորհր­դա­յին զար­գա­ցում­նե­րու այս խո­րա­պատ­կե­րով Ար­ցա­խի ­Հար­ցը թե­ւա­կո­խեց նոր փուլ։ 30 Օ­գոս­տոս 1991ին ­Խորհր­դա­յին Ատրպէյ­ճա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Խոր­հուր­դը միա­կող­մա­նիօ­րէն որ­դեգ­րեց «­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի Հռ­չա­կա­գիր»ը, որ ­Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թեանց աչ­քին «օ­րի­նա­կան ճամ­բան» պի­տի բա­նար Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ իր ձեռ­նար­կած ռազ­մա­կան «հա­շո­ւե­յար­դար»ի վեր­ջին ա­րա­րին` Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մար­զի բռնագ­րա­ւու­մին եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան լու­ծի ամ­բող­ջա­կան պար­տադ­րու­մին առ­ջեւ, ի հար­կին ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ֆի­զի­քա­կան բնաջն­ջու­մով կամ տե­ղա­հա­նու­թեամբ։

Բայց 1988ի փետ­րո­ւա­րեան իր զար­թօն­քէն սկսեալ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը, իր կող­քին եւ թի­կուն­քին ու­նե­նա­լով ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ի ­Հա­յաս­տան թէ ի սփիւռս աշ­խար­հի, ա­մէն կար­գի հա­րո­ւա­ծի դէմ կուրծք ցցե­լով, յա­նուն ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան իր զա­ւակ­նե­րու քրտին­քէն ու ա­րիւ­նէն ա­հա­ւոր գին վճա­րե­լով, այ­լեւս այ­րած էր դէ­պի ստրկու­թիւն եւ բռնա­տի­րու­թիւն ետ­դար­ձի բո­լոր կա­մուրջ­նե­րը.-
Միակ ընտ­րան­քը Ա­զա­տու­թիւն կամ ­Մահ` ­Հայ­րե­նիք կամ ­Մահ դրօ­շով ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան յա­րա­տեւ պայ­քա­րի ու ան­վե­հեր կռո­ւի Ու­ղին էր։

Եւ ­Խորհր­դա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի 30 Օ­գոս­տոս 1991ի «ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման հռչա­կագ­րին», ա­ւե­լի ճիշդ` Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը վերջ­նա­կան հա­շո­ւե­յար­դա­րի են­թար­կե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թեան, հայ­կա­կա՛ն պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ ար­մա­տա­կան ու վերջ­նա­կան։ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մար­զի ժո­ղովր­դա­յին պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու Մար­զա­յին ­Խոր­հուր­դը, ­Շա­հու­մեա­նի շրջա­նի ժո­ղովր­դա­յին պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու Շր­ջա­նա­յին Խոր­հուր­դին հետ հա­մա­տեղ նիստ գու­մա­րե­լով, 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին հռչա­կեց Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ ի­րա­ւա­կան հի­մը դրաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան։

Ոչ միայն պատ­մա­կան պա­հուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող յան­դուգն քայլ էր, այ­լեւ ազ­գա­յին-պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան բո­լոր ա­ռում­նե­րով շրջա­հա­յեաց կողմ­նո­րո­շում մը ե­ղաւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը։

Եւ ա­մէն բա­նէ վեր ի­րա­ւա­կան սրբագ­րու­մը կա­տա­րեց Ս­տա­լի­նի գոր­ծած պատ­մա­կան ա­նար­դա­րու­թեան, ո­րուն մեղ­քի պտուղն էր 7 ­Յու­լիս 1923ին հռչա­կո­ւած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մար­զը, որ նո­ւէր տրո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նին՝ ա­նոր կազ­մին բռնակ­ցո­ւե­լով։

Եօ­թա­նա­սուն տա­րի Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ցմրուր ճա­շա­կեց ատր­պէյ­ճա­նա­կան տի­րա­պե­տու­թեան դառն բա­ժա­կը։ ­Հա­յա­թա­փու­մը ազ­գա­յին ա­ղէ­տի չա­փե­րու հա­սաւ` մշա­կու­թա­յին ու­ծաց­ման ու ըն­կե­րատն­տե­սա­կան լքո­ւա­ծու­թեան ան­տա­նե­լի պայ­ման­նե­րուն տակ։

Այ­սու­հան­դերձ` օր­հա­սա­կան վի­ճա­կի մէջ յայտ­նո­ւած Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը բնաւ չհաշ­տո­ւե­ցաւ ի­րեն պար­տադ­րո­ւած ա­նար­դա­րու­թեան հետ։ ­Ճիշդ է, եր­բեք մտա­հան չը­րաւ պատ­մու­թեան դա­ժան դա­սը, թէ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան հետ «խա­ղը բա­ցա­ռո­ւած է»։ ­Բայց նոյն­պէս ճիշդ է, որ յար­մար ա­մէն պահ օգ­տա­գոր­ծեց, որ­պէս­զի նոյ­նինքն խորհր­դա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեամբ բաց ճեղ­քեր գտնէ եւ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու իր տիե­զե­րա­կան եւ ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւուն­քին տէր կանգ­նի՝ ան­մի­ջա­պէս որ յար­մար պա­հը ներ­կա­յա­նար…։

1980ա­կան­նե­րուն ծա­ւա­լած ­Կոր­պա­չե­ւեան ­Վե­րա­կա­ռուց­ման շար­ժու­մը յար­մար պա­հը ըն­ձե­ռեց Ար­ցա­խի եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ­րե­նի հա­յու­թեան, որ­պէս­զի միաս­նա­կան ծա­ռա­ցու­մով Ս­տա­լի­նեան պատ­մա­կան ա­նար­դա­րու­թիւ­նը սրբագ­րե­լու սահ­մա­նադ­րա­կան պա­հանջ դնեն` Ար­ցա­խը ­Հա­յաս­տա­նին վե­րա­միաց­նե­լու դի­մում­ներ կա­տա­րե­լով Ք­րեմ­լեան ղե­կա­վա­րու­թեան։ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փոկ­րոմ­նե­րու` ֆի­զի­քա­կան բնաջնջ­ման լե­զո­ւով պա­տաս­խա­նե­ցին հա­յոց միաց­ման՝ պա­հան­ջա­տի­րա­կան բարձ­րա­գոռ ձայ­նին։ Եւ 20րդ դա­րա­վեր­ջին հայ ժո­ղո­վուր­դը վերս­տին ճա­շա­կեց թրքա­տիպ ջար­դերն ու շուրջ կէս մի­լիոն հա­յեր տե­ղա­հան դար­ձան պա­պե­նա­կան ի­րենց բնօր­րա­նէն` խորհր­դա­յին­նե­րու կող­մէ իբ­րեւ Ատրպէյ­ճա­նի տա­րածք հռչա­կո­ւած հա­յաբ­նակ ա­ւան­նե­րէն։

Բայց որ­քան բիրտ ու կա­տա­ղի ե­ղաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­րո­ւա­ծը, այն­քան կարծ­րա­ցաւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը` հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կառ­չած մնա­լով հան­դերձ ­Մի­ջազ­գա­յին Օ­րէն­քի եւ ­Խորհր­դա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան ի­րա­ւա­կան հու­նով իր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը յա­ռաջ մղե­լու քա­ղա­քա­կան վար­քագ­ծին։

Եւ այդ քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան վար­քագ­ծին պսա­կու­մը ե­ղաւ 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին ­Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը։

30 Օ­գոս­տոս 1991ի Ատր­պէյ­ճա­նի «ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի հռչա­կագ­րով»` խորհր­դա­յին օ­րէն­քով ստեղ­ծո­ւած Լ.Ղ.Ի.Մ.ն­ ու ­Խորհր­դա­յին Ադր­բե­ջան ի­րա­ւա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ի­րո­ղա­պէս եւ ի­րա­ւա­կա­նօ­րէն, վերջ գտան։
Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը ընտ­րեց ի­րա­ւա­կան այն միակ ճամ­բան, որ Ատրպէյ­ճա­նի խորհր­դա­յին կար­գա­վի­ճա­կի լու­ծա­րու­մով բաց մնա­ցած էր իր առ­ջեւ։

Ի­րա­ւա­կան այդ հիմ­նա­ւո­րու­մով ալ, ի­րո­ղա­պէս ան­կա­խա­ցած ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ի­րա­ւա­կան` մի­ջազ­գա­յի՛ն ճա­նա­չու­մը են­թա­կայ չէ, չի կրնար են­թա­կայ նկա­տո­ւիլ խորհր­դա­յին սահ­մա­նադ­րա­կան քար­տէ­սով գծո­ւած պե­տա­կան սահ­ման­նե­րու «ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան» սկզբուն­քին։

Ատր­պէյ­ճա­նը ինք­նա­կամ հրա­ժա­րե­ցաւ խորհր­դա­յին իր ժա­ռան­գու­թե­նէն եւ, բնա­կա­նա­բար, կորսն­ցուց խորհրդա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան կող­մէ ի­րեն «նո­ւէր» տրո­ւած Լ.Ղ.Ի.Մ.ը։ Մա­նա­ւանդ որ ­Նո­յեմ­բեր 1991ին ­Պա­քու պաշ­տօ­նա­պէս ջնջեց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի ի­րա­ւա­կան կար­գա­վի­ճա­կը` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը «ատր­պէյ­ճա­նեան ազ­գա­յին սե­փա­կա­նու­թիւն» հռչա­կե­լով։

Իսկ Ար­ցա­խը 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 1991ին վճռեց սրբագ­րել պատ­մա­կան ա­նար­դա­րու­թիւ­նը` սահ­մա­նադ­րա­կան ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ճա­նա­պար­հով տէր կանգ­նե­լով ազ­գա­յին ինք­նո­րոշ­ման իր անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին։

Ատր­պէյ­ճան ա­մէն մի­ջո­ցի դի­մեց, որ­պէս­զի ա­րեան մէջ խեղ­դէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ 1994ի գար­նան ա­ւար­տը թէժ մար­տեր ըն­թա­ցան Ար­ցա­խի ամ­բողջ տա­րած­քով։

Եւ հայ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րը կրցան ­Մա­յիս 1992ին ա­զա­տագ­րել Ա­նա­ռիկ Ար­ցա­խի խորհր­դա­նիշ ­Շու­շին, որ­մէ ետք նո­ւա­ճե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի հետ վե­րա­միաց­ման հո­ղա­յին ամ­բողջ տա­րած­քը։

Այս­պէ՛ս, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բեր 2ին, Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հետ ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը, հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ սփիւռ­քի հե­ռա­ւոր ծա­գե­րը, միաս­նա­բար կը վե­րա­հաս­տա­տէ իր վճռա­կա­նու­թիւ­նը` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մը պսա­կե­լու ի­րա­ւա­կան ու մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մով։

Մա­նա­ւանդ կը վե­րա­նո­րո­գէ ազ­գա­յին իր սրբա­զան ուխ­տը, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան կեն­սու­նա­կու­թեան կռո­ւան­նե­րուն ու­ժե­ղա­ցու­մով, բո­լոր ու­ժե­րով շա­րու­նա­կե­լու պայ­քա­րը՝ Ա­զատ, Ան­կախ ու ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մազ­գա­յին մեծ ե­րա­զին հաս­նե­լու Ու­ղին վե­րա­նո­րո­գե­լով ու հար­թե­լով հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ՝ իբ­րեւ ա­ռա­ջին ու այժ­մէա­կան հանգ­րո­ւան Ար­ցա­խի վե­րա­միաց­ման նշա­նա­ձո­ղը ար­դար պայ­քա­րի թի­րախ ճշդե­լով։

Ճիշդ է, Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­պէս նո­ւա­ճուած ան­կա­խու­թիւ­նը մին­չեւ այ­սօր դեռ չէ ար­ժա­նա­ցած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի լիար­ժէք ճա­նա­չու­մին եւ ի­րա­ւա­կան նո­ւի­րա­գոր­ծու­մին։ ­Բայց երբ ա­րեան գնով նո­ւա­ճո­ւած ան­կա­խու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի ես պա­հե­լու, պե­տա­կա­նօ­րէն ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ամ­րապն­դե­լու, ան­պայ­ման վստահ կրնաս ըլ­լալ, որ ի վեր­ջոյ կը հաս­նի նաեւ ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մի ժա­մը։

Այդ ինք­նավս­տա­հու­թեամբ է, որ Ար­ցա­խէն ու հայ­րե­նի մեր ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ աշ­խար­հի հե­ռա­ւոր ա­փե­րը սփռո­ւած ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը, այ­սօր, միաս­նա­կան միեւ­նոյն հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ կը տօ­նէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման տա­րե­դար­ձը։

Եւ կը վե­րա­նո­րո­գէ ազ­գա­յին իր սրբա­զան ուխ­տը՝ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կեն­սու­նա­կու­թեան կռուան­նե­րը ու­ժե­ղաց­նե­լո՛ւ, բո­լոր ու­ժե­րով շա­րու­նա­կե­լո՛ւ ար­դէն քա­ղա­քա­կան-դի­ւա­նա­գի­տա­կան հուն մտած պայ­քա­րը՝ յա­նուն Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մին, ի խնդիր մայր հայ­րե­նի­քի հետ վերջ­նա­կան միա­ւո­րու­մին։