
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութեան Հանդիպեցաւ Սփիւռքի Նախարարին Հետ
Վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպելու նպատակով Երեւան մեկնած ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելեց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան:
Անոնք յաջողութիւն մաղթեցին սփիւռքի նախարարին, որմէ ետք քննարկեցին սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնըը, հայրենիք-Սփիւռք կապերու զարգացման նոր միտումները՝ ընդգծելով լիբանանահայութեան կարեւոր հանգամանքն ու իւրայատուկ կարգավիճակը՝ սփիւռքահայութեան կազմակերպական, հոգեւոր, մարդուժի պատրաստութեան, մշակութային եւ այլ ոլորտներու ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ:
Քննարկումի յատուկ նիւթ դարձաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւններուն նոր թափ հաղորդելու առաջադրանքին ընդառաջ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը: