Ոստիկանութեան Զօրքերը Կը Մեկնին Մարտական Հերթապահութեան

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ զինուած ուժերուն միանալու պատրաստուող  ոստիկանութեան զօրքերու ծառայողները ճանապարհելու հանդիսաւոր արարողութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ վարչապետը «ֆէյսպուք»-ի ուղիղ եթերի միջոցով յայտնեց, որ արդէն շնորհակալութիւն յայտնած է ոստիկանութեան ներքին զօրքերու ծառայողներուն, անոնց հարազատներուն հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու կարեւոր առաքելութիւնը իրականացնելու պատրաստակամութեան համար:

«Ոստիկանութեան զօրքերը այսօրուընէ կը մեկնինն մարտական հերթապահութեան Հայաստանի պետական սահման, կը միանան  զինուած ուժերուն` պաշտպանելու Հայաստանի պետական սահմանները: Եւ այսօր մենք եկած ենք իրականացնելու մեր ոստիկանութեան զօրքերու ծառայողները ճանապարհելու հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ահա անոնք հիմա կը մեկնին մարտական հերթապահութեան»,- ըսած է վարչապետը:

Ոստիկանութեան զօրքերը ճանապարհելու հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէր նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեան: