
«Մենք Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենանք Մեր Ընկերոջ Շիրիմին Մօտ Զեկուցելու՝ Գործը Բացայայտուած է». Հրաչ Մուրատեան 55
Օգոստոս 23-ին, Ազատամարտիկ Հրաչ Մուրատեանի ծննդեան օրն է. ան պիտի բոլորէր իր 55 տարին։ Հերոսի հարազատները, կուսակցական ընկերները, բարեկամներն ու համագիւղացիները եկած էին Պռոշեանի Զօրաց պանթէոն՝ յարգելու եւ խնկարկելու ընկերոջ վառ յիշատակը:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի հետ զրոյցին ըսաւ․ «Այսօր մեր սիրելի ընկերոջ Հրաչ Մուրատեանի ծննդեան օրն է, բայց դժբախտաբար արդէն 5-րդ տարին է, որ բոլորս միասին կը հաւաքուինք՝ նշելու մեր հրամանատարի ծնունդը, առանց անոր ֆիզիքական ներկայութեան։ Կորուստը անդառնալի է եւ դժբախտաբար միշտ չէ, որ ժամանակը կորուստներու ցաւը կրնայ մեղմացնել, յատկապէս, երբ այդ կորուստը կ’ըլլայ անժամանակ եւ անսպասելի»։
Անդրադառնալով Հրաչ Մուրատեանի տեսակին՝ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչը ըսաւ,-«Հրաչը պայքարող, արարող եւ իր գործին նուիրուած տեսակ էր, թէ’ ռազմի դաշտի մէջ, թէ’ քաղաքացիական կեանքի մէջ։ Հրաչը մշտապէս եղած է իր գործի նուիրեալը։ Ան լաւ գիտէր պարզ ճշմարտութիւն մը, որ հողը Հայրենիք կը դառնայ միայն արեամբ ու քրտինքով, եւ ան իր ողջ կեանքը ապրեցաւ այդ նոյն փիլիսփոփայութեամբ, ապրեցա՛ւ եւ ապրեցո՛ւց։ Ան իր կենսագրութեամբ ու կեանքով դարձաւ օրինակ։ Դժբախտաբար մեր ընկերոջ կեանքը ընդհատեցաւ հինգ տարի առաջ արձակուած դաւադիր կրակոցէն եւ մինչեւ հիմա սպանութեան գործը բացայայտուած չէ, բայց որեւէ կասկած պէտք չէ ունենանք, որ մշտապէս հետամուտ պիտի ըլլանք, որպէսզի մեր ընկերոջ սպանութեան գործը բացայայտուի եւ արժանի պատիժ կրեն ո՛չ միայն զայն կատարողները, այլեւ պատուիրատուներն ու բոլոր յանցակիցները։ Բոլորովին վերջերս պաշտօնական հանդիպում եղած է ՀՀ գլխաւոր դատախազին հետ, եւ մենք յստակ հաւաստիացումներ ստացած ենք, որ քննուող գործին ծիրէն ներս յանձնարարականներ տրուած են գործի բացայայտման ուղղութեամբ եւ համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին։ Մենք կը հաւատանք, որ մօտ ժամանակներուն որոշակի զարգացումներ պիտի ըլլան՝ գործը բացայայտելու առնչութեամբ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նոյնպէս արծարծուած է Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան բացայայտման հարցը եւ ես կը կարծեմ, որ Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան գործը՝ այնուամենայնիւ ուշացումով՝ պիտի բացայտուի եւ մենք հնարաւորութիւն պիտի ունենանք մեր ընկերոջ շիրիմին մօտ, մեր հրամանատար ընկերոջ զեկուցելու, որ գործը բացայայտուած է»։
Հրաչ Մուրատեանի ընկեր եւ համագիւղացի Վովա Սահակեան, իր հերթին նշեց․ «Հրաչ Մուրատեան, իբրեւ գիւղապետ, ութ տարի Պռոշեանը ղեկավարելով վերաշինեց գիւղը եւ այն, ինչ այսօր Պռոշեանի մէջ կայ եղած է Հրաչ Մուրատեանի թափած ջանքերուն շնորհիւ, սակայն ա՛յն, ինչի միջով որ անցած է եւ ինչ գինով հասած է այս արդիւնքին՝ միայն Հրաչ Մուրատեանին ու վերին բարձրեալին է յայտնի, որովհետեւ Կոտայքի մարզի 67 համայնքներէն Պռոշեանը միակն էր, որ ունէր դաշնակցական ղեկավար, որ իր տեսակով օտար էր տիրող միջավայրին եւ իբրեւ հետեւանք գտնուեցաւ ներքին թուրքը, որ կտրեց մեր ընկերոջ կեանքի թէլը։ Հրաչ Մուրատեանը տեսակ էր, որ չէր խոնարհուեր, չէր յարմարուեր, եզակի եւ պայքարող տեսակ էր, որ եկած էր երկրէն եւ կ’ապրէր երկրի կարօտը սրտին մէջ։ Մենք վստահ ենք որ նոր Հայաստանի մէջ արդարադատութիւնը պիտի վերահաստատուի եւ գործը պիտի բացայայտուի։ Սպանութեան բացայայտումը այլեւս Հրաչ Մուրատեանին պէտք չէ, ապրողներու համար է պէտք։ Հրաչ Մուրատեանը այլեւս յուշարձան է, երգ է, գիրք եւ դաս է յաջորդ սերունդներուն համար, որոնք պիտի պաշտպանեն եւ ծաղկեցնեն Հայրենիքը»։
Հրաչ Մուրատեանի եղբօրորդի՝ Յակոբ Մուրատեան, իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար՝ աւելցնելով, որ իրենք մինչեւ Սեպտեմբեր 14 պիտի սպասեն, յուսալով, որ դատաքննութիւնը որոշ զարգացումներ կ’ունենայ, բայց եթէ գործին մէջ փոփոխութիւն չկատարուի, այն ժամանակ Հրաչ Մուրատեանի ընկերներն ու հարազատները պիտի դիմեն հանրահաւաքի եւ բողոքի շարժումի՝ մինչեւ յանցագործն ու պատուիրատուները բացայայտուին ու ստանան իրենց արդար պատիժը։
Նշենք, որ Հրաչ Մուրատեան Սուրիոյ Գամիշլի շրջանէն ներգաղթած ընտանիքի զաւակ էր: Ան ՀՅԴ եւ անոր առաջին մարտական ջոկատներու անդամ էր եւ մեծ աւանդ ունեցած էր Արցախեան ազատամարտի կռիւներուն։ Շուշիի առանձնակի գումարտակի հիմնադիրներէն էր: 2005 թուականէն ընտրուելով գիւղապետի պատասխանատու պաշտօնին՝ նախկին ազատամարտիկը զբաղած էր հայրենի գիւղի առօրեայ խնդիրները լուծելու եւ անոր բարեկարգման ու շենացման գործով: Գիւղապետ եղած ժամանակ Հրաչ Մուրատեան 2013-ի Ապրիլ 2-ին դաւադրաբար սպաննուեցաւ գիւղապետարանի մուտքի մօտ:
Լուսանկերներ՝ Արտաշէս Մխիթարեանի
Լուսանկերներ՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի