
Հայաստան Պատրաստակամ է Ընդլայնելու Իսրայէլի Հետ Կապերը
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ընդգծած է Հայաստանի հետաքրքրութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` աւելի խորացնելու Իսրայէլի երկկողմ փոխգործակցութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Արտաքին գործոց Նախարարութեան տարարած հաղորդագրութեան համաձայն` նախարարը այս մասին նշած է Օգոստոս 21-ին` Իսրայէլի ԱԳՆ գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ, Եւրասիայի վարչութեան պետ Ալեքսանդր Պեն Զուիի հետ հանդիպման ժամանակ:
Մնացականեան ըսած է, որ վերջին շրջանին հայ-իսրայէլական յարաբերութիւնները կը զարգանան, ընդլայնուած է քաղաքական երկխօսութիւնը եւ համագործակցութեան օրակարգը:
Կողմերը համակարծիք եղած են, որ Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ առկայ է առեւտրատնտեսական մեծ ներուժ, ինչ որ համատեղ քայլերով հնարաւոր պիտի ըլլայ առաւել արդիւնաւէտ օգտագործել:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին` ԱԳ նախարարը նշած է, որ ատիկա առաջին հերթին բարոյական պատասխանատւութիւն է, միաժամանակ` կարեւոր ներդրում ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերու մէջ:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման մասին` Զոհրապ Մնացականեան նշած է, որ մեր գործընկերները պէտք է ձեռնպահ մնան բոլոր այն գործողութիւններէն, որոնք կը յանգեցնեն տարածաշրջանի մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքին եւ կ՛աւելցնեն անկայունութեան վտանգները: