Թուրքիան կը Ճնշէ Ոչ Մահմետական Առաջնորդները, Որպէսզի Պնդեն, թէ Իրենց Չեն Ճնշեր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

 

Վերջին յօդուածներէս մէկուն մէջ գրած էի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ տարեկան զեկոյցին մասին, ուր նշուած էր, որ «Թուրքիոյ մէջ բոլոր կրօնական խումբերը, բացի սիւննի մահմետականներէն, կը տառապին խտրականութենէ եւ հալածանքներէ…. Կրօնական փոքրամասնութիւնները կ՝ըսեն, որ կը շարունակեն դժուարութիւններ կրել հանրակրթական դպրոցներու մէջ պարտադիր (իսլամական) կրօնի դասերէն ազատուելու, պաշտամունքի վայրերու գործածման կամ բացման, ինչպէս նաեւ հողի ու սեփականութեան վէճերու լուծման հարցով: Կառավարութիւնը սահմանափակած է կրօնական փոքրամասնութեան խումբերու ջանքերը իրենց հոգեւորականներու պատրաստման գործին գծով…»:

 

Զեկոյցին լոյս տեսնելէն անմիջապէս ետք՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց զայն՝ կրօնական իրաւունքներու փաստագրուած խախտումները անուանելով «որոշ անհիմն պահանջներու կրկնութիւն»:

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ջանաց աւելի խիստ ձեւով հերքել Պետական քարտուղարութեան մեղադրանքները ընդդէմ Թուրքիոյ, թէեւ ան սովորաբար կ՝անտեսէ Թուրքիոյ քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու, նոյնիսկ ամերիկացներու, ինչպէս պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի մարդու իրաւունքներու աղաղակող խախտումներուն մասին բոլոր բողոքները: Էրտողան անմիջապէս հրամայեց իր օգնականներուն համատեղ յայտարարութիւն պատրաստելու Թուրքիոյ բոլոր ոչ մահմետական առաջնորդներու ստորագրութեամբ, պնդելով, որ իրենց կրօնական իրաւունքները չեն խախտուիր: Քանի որ այդ ոչ մահմետական առաջնորդները պատանդներ են Թուրքիոյ մէջ, անոնց ոչինչ կը մնայ ընելու, քան ստորագրելու այդ դիմումը, որ անոնց համար պատրաստած էր թրքական կառավարութիւնը:

 

Թէեւ մեզի համար դիւրին է քննադատել այս ազգային փոքրամասնութիւններու առաջնորդները իրենց հանդէպ կիրառուող ճնշումները թաքցնելու համար, սակայն պէտք  է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ անոնք կ՝ապրին դաժան իրավիճակի տակ, որ առանց վարանելու կրնայ ձերբակալել եւ խոշտանգել ո՛չ միայն կրօնական առաջնորդները, այլեւ անոնց համայնքի անդամները: Մենք պէտք է նոյնիսկ գոհ ըլլանք, որ նախագահ Էրտողան, հակառակ իր բռնապետական բնաւորութեան, ցուցաբերած է բացառիկ նրբազգացութիւն իր երկրի դէմ եղած մեղադրանքներուն նկատմամբ եւ գնահատած է ոչ մահմետական առաջնորդներու ստորագրած համատեղ յայտարարութիւնը, մտածելով, որ ատիկա պիտի օգնէ Թուրքիոյ՝ լաւ երեւնալու միջազգային հանրութեան աչքին:

 

Նախագահ Էրտողանի հրամանով Թուրքիոյ 18 ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններու խումբերու ներկայացուցիչները 2018 Յուլիս 31-ին հնազանդօրէն ստորագրած են համատեղ յայտարարութիւն՝ պնդելով, որ իրենց իրաւունքները չեն ոտնահարուիր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ:

 

Յայտարարութեան մէջ կեղծօրէն նշուած է. «Իբրեւ դարեր շարունակ այս երկրին մէջ ապրող հնագոյն համայնքներու տարբեր կրօններու եւ հաւատքի խումբերու կրօնական ներկայացուցիչներ եւ հիմնադրամներու տնօրէններ, մենք ազատ կ՝ապրինք մեր հաւատքով եւ ազատ կը դաւանենք՝ համաձայն մեր աւանդոյթներուն: Բռնաճնշումներու մասին պնդումներ կամ ենթադրութիւններ ընդգրկող յայտարարութիւնները լիովին կեղծ են: Անցեալին մեր ունեցած շարք մը խնդիրներն ու հետապնդումները ժամանակի հետ գտած են իրենց լուծումը: Մենք մշտական կապի մէջ ենք մեր պետական հաստատութիւններուն հետ, որոնք կը պատասխանեն մեր բարձրացուցած հարցերուն բարի մտադրութիւններով եւ զանոնք լուծելու ցանկութեամբ: Մենք հանդէս կու գանք այս համատեղ յայտարարութեամբ գիտակցաբար՝ մեկնելով հանրային կարծիքի ճիշդ իրազեկման պատասխանատւութենէն»:

 

Ստորագրողներուն մէջ էին՝ յունական ուղղափառ պատրիարք Բարդուղիմէոս Ա-ն, Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, Թուրքիոյ գլխաւոր ռապպի Իսհակ Հալեւան, սուրիական հնագոյն համայնքի փոխանորդ Մոր Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթինը, Թուրքիոյ հայ կաթոլիկներու հոգեւոր առաջնորդ արքեպիսկոպոս Լեւոն Զեքիեանը, Խալդեան համայնքի փոխանորդ Ֆրանսուա Եաքանը, Թուրքիոյ սուրիական կաթոլիկ գլխաւոր փոխանորդ պատրիարք քորեպիսկոպոս Օրհան Չանլին, Գետիկփաշայ հայկական բողոքական եկեղեցւոյ եւ դաւանութեան հիմնադրամի հոգեւոր նախագահ պատուելի Գրիգոր Աղաբալօղլուն, RUMVADER-ի նախագահ Անտոն Փարիզեանոսը, VADIP եւ Yedikule Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն, Թուրքիոյ հրէական հասարակութեան եւ Թուրքիոյ գլխաւոր ռապպիութեան հիմնադրամի նախագահ Իսհակ Իբրամզատէն, Պէյօղլու սուրիական Կոյս Մարիամ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Սայիտ Սուսին, Սուրբ Յակոբ հայկական կաթոլիկ հիւանդանոցի հիմնադրամի նախագահ Պեռնար Սարիբէյը, Սթամպուլի սուրիական կաթոլիկ հիմնադրամի նախագահ Զեքի Պազաթեմիրը, Խալդեան կաթոլիկ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Թէոման Օնտերը, պուլկարական ուղղափառ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Վասիլ Լիազը, վրացական կաթոլիկ եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Փօլ Զազաձան եւ թրքական Haskoy Karaite հրէական հիմնադրամի նախագահ Միշա Օրմէն։ Այս ոչ մահմետական 18 առաջնորդներուն համատեղ յայտարարութիւնը լայնօրէն տարածուեցաւ Թուրքիոյ բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններուն թերթերով, թրքական բոլոր լրատուամիջոցներով եւ արտասահմանեան մամուլով։

 

Հետաքրքրական է, որ 2018 Օգոստոս 1-ին, համատեղ յայտարարութեան ստորագրումէն մէկ օր անց, բոլոր 18 ոչ մահմետական առաջնորդները հրաւիրուեցան Սթամպուլի Տոլմապահչէ պալատի պաշտօնական ընդունելութիւններու սրահ եւ չորսժամեայ ճաշ-հանդիպում ունեցան Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընի հետ։ Վաղօրօք կը սպասուէր Էրտողանի մասնակցութիւնը այս հանդիպման, սակայն վերջին պահուն ան չկրցաւ մասնակցիլ։

 

Թէեւ համատեղ յայտարարութիւնը նպատակ ունէր կոծկելու Թուրքիոյ մէջ ոչ մահմետական հաստատութիւններու առջեւ ծառացած  բազմաթիւ դժուարութիւնները, այս սուտը շատ արագ բացայայտուեցաւ, երբ մասնակիցները հանդիպման ժամանակ Իպրահիմ Քալընին բողոքեցին իրենց կրօնական իրաւունքներու բազմաթիւ խախտումներու մասին։

 

Օրինակ, արքեպիսկոպոս Աթէշեանը յայտնեց տեղական հայկական լրատուամիջոցին, որ ինքը եւ Շիրինօղլուն Քալընին պատմած են այն կալուածքներուն մասին, որոնք վերջին տարիներուն վերադարձուած են հայ համայնքներու հիմնադրամներուն, սակայն քաղաքապետի կամ նախարարի կողմէ որոշումը չեղեալ համարելով։ Անոնք նաեւ բողոքած են պատրիարքարանի իրաւական կարգավիճակի եւ նուիրատւութիւններ ստանալու անկարողութեան մասին, որուն պատճառով պատրիարքարանը կանգնած է նիւթական լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։ Արք. Աթէշեան առաջարկած է՝ կա՛մ թրքական կառավարութիւնը արտօնէ, որ պատրիարքարանը ստանայ նուիրատւութիւններ կա՛մ պիւտճէ յատկացնէ՝ անոր ծախսերը վճարելու համար։ Արք. Աթէշեան նաեւ բարձրացուցած է տեղական եկեղեցական ներկայացուցիչներու կասեցուած ընտրութիւններու եւ պատրիարքական ընտրութիւններու յետաձգման հարցերը։ Ընդունելութեան միւս մասնակիցները եւս բողոքած են Քալըմին իրենց տարբեր դժուարութիւններուն մասին՝ հակասելով իրենց իսկ ստորագրած յայտարարութեան, որ անոնք կրօնական խնդիրներ չունին Թուրքիոյ մէջ։ Ահա թէ ինչու նախաճաշը տեւեց չորս ժամ…

 

Իր հերթին, Քալընը, նախագահ Էրտողանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ստորագրող կողմերուն իրենց համատեղ յայտարարութեան համար, ակնյայտ դարձնելով, որ ատիկա Թուրքիոյ համար խոշոր յաջողութիւն է:

 

Միակ ձայնը, որ ընդդիմացաւ ոչ մահմետական առաջնորդներու այս համատեղ յայտարարութեան՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանինն էր, որ համարձակօրէն յայտարարեց. «Չեն ձգեր, որ մեր պատրիարքը ընտրենք, չեն ձգեր, որ հոգեւոր դպրոց բանանք, թոյլ չեն տար, որ եկեղեցւոյ հիմնադրամներու ղեկավարներ ընտրենք, եւ համայնքն ալ աղաւնիի պէս երկչոտ է»։

 

Պարզ է, որ համատեղ յայտարարութիւնը ստորագրուած էր ճնշման ներքոյ: Զաւեշտալի է, որ թրքական վարչակարգը ճնշում գործադրած է ազգային փոքրամասնութիւններու առաջնորդներուն վրայ, որպէսզի անոնք յայտարարեն, թէ իրենց վրայ ճնշում չէ եղած: Նման բան կրնայ ըլլալ միայն Թուրքիոյ մէջ:

 

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

 

 

 

Leave a Reply