Բարեկամաւանի Ուղղութեամբ Հակառակորդը Կրակ Արձակած է. Այժմ Իրավիճակը Հանգիստ է

Հայաստան

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բարեկամաւան գիւղին ուղղութեամբ՝ հակառակորդի արձակած կրակոցներուն հետեւանքով լուրջ վնասներ չկան: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ներկայիս իրավիճակը հանգիստ է:

«Բարեկամաւանի ուղղութեամբ կրակոցները եղած են Յուլիս 22-ին, երեկոյեան 22:00-23:00 ինկած ժամանակահատուածին: Կրակոցները եղած են հրաձգային զինատեսակներէ: Որեւէ լուրջ բան չկայ: Իրավիճակը հանգիստ է»,- ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Leave a Reply