ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի Բանակավայրին Մէջ Մեծ Շուքով Բացումը Կատարուեցաւ Տէր Զօրի Քանդուած Յուշաքանդակի Կրկնօրինակին

Հայաստան

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի (Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն) Բիւրականի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յուշաքանդակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

Նշենք, որ 19-29 Յուլիս, Հայաստանի մէջ մեծ շուքով պիտի նշուի ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ յոբելեանը:

Այդ ձեռնարկներուն մասնակցելու համար հայրենիք ժամանած են 3000 ՀՄԸՄ-ականներ: Պատմական բանակումին կը մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանած 1200 սկաուտներ:

Յուշաքանդակը, որուն վրայ արձանագրուած է ՀՄԸՄ-ի 110 մասնաճիւղերու անունները, Տէր Զօրի մէջ զետեղուած եւ Սուրիոյ տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններուն ընթացքին քանդուած յուշակոթողի կրկնօրինակն է: Քանդակի մեկենասներն են տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրաճեաններ:

Յուշաքանդակի բացման արարողութեան ներկայ էին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Արագածոտնի մարզպետ Աշոտ Սիմոնեան, Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեան, նախկին ՀՄԸՄ-ականներ եւ հիւրեր:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարը, որ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ի կարեւոր դերը հայ հասարակութեան կեանքին մէջ՝ նշելով, որ այս օրը հպարտանալու մեծ առիթ կու տայ:

Նախարարը նաեւ յայտնեց, թէ կը յուսայ, որ յառաջիկայ տարիներուն Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին մասնակիցներու թիւը կրկնապատկուի:

«Սփիւռքի նախարարութիւնը մշտապէս լինելու է ՀՄԸՄ-ի կողքին կանգնած, քանի որ դուք մեզ համար հպարտութիւն էք», նշեց Հայրապետեան:

Ելոյթներէն ետք կատարուեցաւ յուշաքարին բացումը:

Leave a Reply