Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի Ուսանողական 25-րդ Հաւաքը (Ֆորում)

Այսօր` Երկուշաբթի, 15 Յուլիսին, Երեւանի մէջ պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին (Ֆորում): Համազգայինի աւանդական կարեւոր ծրագիրներէն մէկը հանդիսացող այս հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 9 երկիրներէ 36 երիտասարդներ: […]

Տիաննա Աբգարի Ծոռնուհին Կը Ժամանէ Հայաստան

Յուլիս 15:00-ին,  ժամը 19:00-ին , Հայ  կանանց  միջազգային  միութեան (AIWA) նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ աշխարհի մէջ առաջին կին դիւանագէտ, 1919-1920 թուականներուն Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպան, գրող հրապակախօս Տիաննա Աբգարի ծննդեան 160 ամեակին […]

Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը Յայտնեց, Որ Պետութիւնը չի Կրնար Արգելք Ըլլալ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան

Վերջերս յայտնի դարձած էր, որ ԹուրքիոյՍահմանադրական Ատեանը կրօնական ազատութեան դէմ բռնաբարում եւ հայոց իրաւունքներուն դէմ խախտում նկատած էրՀայոց Պատրիարքի ընտրութեան դէմ պետութեան կողմէ գործադրուած արգելքը։ Այս կերպով Սահմանադրական Ատեանըբացէ ի բաց դիրք գրաւած էր պետութեան դէմ։ Այս որոշումը այժմհրատարակուեցաւ Պաշտօնաթերթի մէջ եւ այս կերպով պաշտօնապէսի զօրու դարձած եղաւ շատ կարեւոր վճիռ մը, որ նոր լոյս կը բռնէ պատրիարքական ընտրութեան փշոտ հարցին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը իր որոշումը ու որոշումին պատճառաբանութիւնը հրապարակեց մանրամասնեալ կերպով։ Այս մասին կը հաղորդէ «ՄԱՐՄԱՐԱ»–ն։ Յայտնի կը դառնայ որ Սահմանադրական Ատեանը այս հարցը քննարկած է երբեմնի Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն Լեւոն Գուզիկօղլուի ու Կարպիս Պալմումճուի ստորագրութիւններով կատարուած դիմումին վրայ։ Սահմանադրական Ատեանը […]

Տարօն Աճեմօղլու Արժանացած է Massachusetts Institute of Technology-ի Բարձրագոյն Կոչումին

Տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու արժանացած է Մասաչուսէթսի Արհեստագիտութիւններու հիմնարկի (Massachusetts Institute of Technology-MIT) բարձրագոյն` Institute Professor կոչման, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը: Աճեմօղլու MIT-ի մէջ կ՛աշխատի աւելի քան 25 տարի` ուսումնասիրելով բարդ տնտեսական […]

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մօտէն Կը Հետեւի Գամիշլիի Հայ Համայնքի Իրավիճակին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան մօտէն կը հետեւի Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական դէպքին հետեւանքով հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս տեղւոյն բնակչութեան կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ […]

Համազգայինը Աւստրալիոյ Մէջ Նշեց Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակը

Կիրակի, 23 Յունիսին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան Գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին կազմակերպած Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գրական երեկոն: «Զենիթ» հանդիսասրահը կը յորդէր առաւել քան 250 հանդիսատեսներով, որոնք հաւաքուած էին […]

Ջաւախքի Շարք Մը Գիւղերու Եկեղեցիները Պիտի Վերանորոգուին

Վրաստանի Կրօնի հարցերու գործակալութիւնը թոյլատրած է Սամցխէ-Ջավախքի Տոււրցխ, Կորխ, Օլաւերտ, Վաչիան, Գոման գիւղերու եկեղեցիներու վերանորոգման եւ կառուցման աշխատանքները: Այս փուլին, ըստ Panorama.am-ի, Ախալքալաքի քաղաքապետարանը յիշուած եկեղեցիներու նախագիծերը հաստատման ներկայացուցած է […]

«Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի Մէջ» Երկօրեայ Փառատօն

Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի 14 Յուլիսին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հանրային պարտէզին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-10:00, տեղի պիտի ունենայ «Հմայիչ Հայաստանը Պիքֆայայի մէջ» փառատօնը` կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Վահէ Գալինճեանին եւ գործակցութեամբ Պիքֆայայի […]

Ներկայացուցիչներու Տունը Վաւերացուց Ստեփանակերտի Օդակայանին Ապահովութիւնը Երաշխաւարող Շըրմընի Առաջարկը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 11 Յուլիսի յետմիջօրէին, 234 թեր եւ 195 դէմ քուէներով վաւերացուց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի […]