Category: Սփիւռք
Մամլոյ Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդի Յառաջիկայ Նիստը Պիտի Գումարուի Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Շաբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2019-ին, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակը շնորհակալութիւն յայտնել էր անոր` «Հայ մամլոյ տարուան» առիթով եւ Լիբանանի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ իր կատարած […]
Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ս. ԱթոռոյսԳահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, 1988 թուականին Սպիտակի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհգացած շուրջ 30.000 հայորդիներու հոգիներուն համար։ Վեհափառ Հայրապետը, հոգեւոր հայրերը եւհաւատացեալները միասնաբար իրենց աղօթքը ուղղելով Բարձրեալին՝ խնդրեցին, որ զոհերուն հոգիներըլուսաւորէ, Իր հովանին անպակաս ընէ Հայաստան աշխարհին վրայէն եւ պահէ, պահպանէ ու զօրացնէԱրցախը եւ Սփիւռքը։ Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։
Ընտրութիւն, Որ Յաղթող Պիտի Չունենայ
Պատրիարքական Աթոռի 13 տարիներու թափուր շրջանը, եթէ վերջին պահուն յանկարծ դատական արգելք մը չպատահի 11 Դեկտեմբերին պիտի տիրանայ իր նոր գահակալին։ Սակայն ընտրութեան ընդառաջ մեր դիմաց գլխաւոր հարցումն է, թէ […]
Հալէպի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութիւն՝ Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակին
Ժիրայր Կարապետեան, “Գանձասար” «Սիրեցէ՛ք զիրար, շատ Սիրեցէ՛ք, որպէսզի Ապրիք»։ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մշակութային Յանձնախումբին, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան […]
Կրասնոտարի Հայերը Օգնութիւն Ուղարկած են Սուրիոյ Հայ Համայնքին
Ռուսիոյ Կրասնոտարի շրջանի հայութիւնը Սուրիոյ հայ համայնքին համար ուղարկած մարդասիրական օգնութեան բեռը, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան անմիջական օժանդակութեամբ հասած է Հալէպ:
Պոլսոյ Հայկական «Նոր Զարթօնք» Շարժումը Կոչ Ըրած է Պոյքոթելու Պատրիարքի Ընտրութիւնները
Պոլսոյ հայկական «Նոր Զարթօնք» շարժումը գրաւոր յայտարարութիւն տարածած է պատրիարքի ընտրութիւններու առնչութեամբ: Թրքական Demokrathaber կայքի փոխանցմամբ` «Նոր Զարթօնք»-ի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ուղարկուած Հայոց […]
Հայաստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Նուիրուած Հոգեհանգիստ եւ Դափնեպսակի Զետեղում Յունաստանի Մէջ
Հովանաւորութեամբ ՀՀ դեսպան՝ պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեանի Տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ 7 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 11։30-ին, Աթէնքի «ՆԱՅԻԱՏՈՆ» հրապարակին վրայ զետեղուած, Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի յաւերժութիւնը խորհրդանշող խաչքարին առջեւ։ Ուստի կը հրաւիրենք […]
Հայ Դատը Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Պաքուի Նկատմամբ Նպաստաւոր Առեւտրական Քաղաքականութեան
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարարութիւն մը տարածած է՝ շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան Ատրպէյճանի նկատմամբ նպաստաւոր առեւտրական վերաբերմունքին: Յայտարարութիւնը ուղղուած է առեւտրական հարցերու ներկայացուցչութեան, որուն գործունէութեան […]
Թուրքիոյ Դատարանը Մերժած է Պատրիարքական Ընտրութեան Վերաբերեալ Սիմոն Չէքեմի Ներկայացուցած Հայցը
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 24-ին Պոլսի հայոց պատրիարքարան ուղարկած էր պատրիարքի ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որով կը սահմանափակուէր արտասահմանաբնակ եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն: 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած էր […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութիւններուն առնչուած շարք մը հարցերու: […]









