«Քորոնա» Ժահրի Պատուաստանիւթը Ստեղծած Ընկերութեան Հիմնադիր Նուպար Աֆէյեանի Նախնիները Թուրքիայէն Են. Թրքական Կայք

Թրքական «Sozcu» թերթի կայքը անդրադարձած է նոր տեսակի «քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթ ստեղծած ամերիկեան «Moderna Inc.» ընկերութեան հիմնադիր Նուպար Աֆէյեանի կենսագրութեան: Ըստ Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններուն՝ թրքական լրատուամիջոցը գովերգութեան երանգով շեշտած է, […]

Մարտ 18-ը Կը Յայտարարենք Համազգային Աղօթքի Օր. Կաթողիկոսը Յորդոր Տարածած է

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական յորդոր տարածած է «քորոնա» ժահրին առնչութեամբ: «Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, Մտահոգութեամբ եւ աղօթքով կը հետեւինք «քորոնա» ժահրին շուրջ աշխարհի մէջ տեղ գտնող զարգացումներուն: Այս […]

Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը Դատապարտեց Լիոնի Մէջ Վանդալութեան Գործողութիւնը

Մարտ 13 լոյս 14 Լիոնի Անտոնին Պոնսէ հրապարակին վրայ իրականացած էին վանդալութեան գործողութիւններ։ Պղծուած էր այնտեղ տեղայակուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը։ Յուշարձանի որոշ սիւներուն յայտնաբերուած էին անարխիստական գրառումներ։ Տեղեկութիւններ կային նաեւ, […]

Երկու Վեհափառ Հայրապետներու Որոշումով Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի 9 Ապրիլ Բոլոր Եկեղեցիներէն Ներս Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Այս առաւօտ, երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան Քորոնավիրուսի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս […]

Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է

Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է Ֆրանսական Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած է քաղաքային ընտրութիւններու առաջին փուլը, որուն կը մասնակցէր հայ բնապահպան Ժաննա Բարսեղեանը: Այս […]

13-14 Մարտի Լուսցող Գիշերը Պղծուած Է Լիոնի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը

13-14 Մարտի լուսցող գիշերը պղծուած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան այս առնչութեամբ Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց […]

Պարսելոնայի Մէջ Գործող Հայ Վարորդները Կ՝առաջարկեն Անվճար Տեղափոխել Բուժաշխատողները

Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ պսակաւոր ժահրի տարածման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին հետ կապուած՝ Taxi ծառայութիւն մատուցող հայ վարորդները հանդէս եկած են նախաձեռնութեամբ: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մէջ […]

Պսակաւոր Ժահրը Կանխարգիլելու Համար Հայաստան Ուղարկուած Են Բժշկական Պարագաներ

 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի գրասենեակը արձագանգելով` ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի խնդրանքին, Հայաստան ուղարկած է մեծաքանակ բժշկական պարագաներ: Պսակաւոր ժահրի (COVID-19) տարածման վտանգը […]

Իրանի Մէջ Բնակող ՀՀ Քաղաքացիութիւն Չունեցող Հայերը Հայաստան Տեղափոխուելու Ցանկութիւն Յայտնած Են

ՀՀ սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ դիմած են Իրան բնակող, Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող հայեր՝ Հայաստան տեղափոխուելու համար: Պետութիւնը կը փորձէ անոնց օգնելու ձեւաչափ գտնել: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Պսակաւոր ժահրի կանխարգիլման հարցերով […]

Համբերութեամբ Դիմագրաւենք Ամէն Տեսակի Դժուարութիւնները. Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ

Այս օրերուն ողջ աշխարհը բռնուած է պսակաւոր ժահրի պատճառած համաճարակ հիւանդութեամբ։ Չինաստանէն ծայր առած, արագաւազ նժոյգի նման, կ՝արշաւէ, ամէն տեղ ահ ու սարսափ տարածելով. պետութիւններն ու միջազգային կազմակերպութիւնները ի տես […]