Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին Ուրախութիւն կը Պարգեւէ Հայաստանի մէջ Գտնուող 100 Ընտանիքներու

Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին շարունակեց գարնանային ուրախութիւն եւ յոյս պարգեւել Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի եւ Գեղարքունիկի մարզերուն մէջ ժամանակաւորապէս հաստատուած Արցախի հարիւր ընտանիքներու, շնորհիւ մեր ծխականներուն եւ բարեկամներուն աջակցութեան: […]

Փարիզի Մէջ՝ Շառլ Ազնաւուրի Կիսանդրիի Բացումը

Ժան Էքեան Փարիզէն կը գրէ, թէ Շաբաթ, 22 Մայիսին կատարուեցաւ քօղազերծումը Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիին, որ կը գտնուի Փարիզի Օտէոն խաչմերուկին վրայ։ Բացումը կատարեց քաղաքապետ Անն Հիտալկօ. ներկայ էին Ազնաւուրի ընտանիքի […]

ԱՄՆ Քոնկրեսի Անդամները Պայտընի Վարչակազմէն Կը Պահանջեն Ազրպէյճանը Զրկել Ռազմական Օգնութենէն

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին ջանքերով՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի տասնեակ անդամներ միացած են Տէյվիտ Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի ղեկավարներուն` Պայտընի վարչակազմին կոչ ընելով դադրեցնելու Ազրպէյճանին տրուող ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը, որ […]

Բարի Երթ Ռուսիոյ Համազգայինի Կառոյցին. Հաղորդագրութիւն

Աւելի քան տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ ինքնաբուխ կազմուած խումբ մը դիմած էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան` Ռուսիոյ մէջ Համազգայինի կառոյցի մը հիմնադրութեան առաջադրանքով: Այդ ուղղութեամբ բաւական յառաջացած խորհրդակցութիւնները ակամայ ընդհատուած […]

Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Գանատայի Յունական ու Կիպրական Կազմակերպութիւնները կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Բռնարարքները

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCC), Գանատական Յունական Գոնկրէսը (CHC- Canadian Hellenic Congress) եւ Գանատայի Կիպրական Դաշնակցութիւնը (CFC- Cypriot Federation of Canada) Մայիս 20-ին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի […]

Հայ Դատը Դատապարտեց Գերիները Ազատ Արձակելու Հարցին Նկատմամբ Ուաշինկթընի Անտարբերութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան նամակներ յղեց առաւել քան 100 քոնկրեսականներու, որոնք Ճօ Պայտընի վարչակարգին հասցէագրուած եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին նախաձեռնած 19 Փետրուար թուակիր նամակով կոչ ըրած էին […]

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» Կեդրոնին Մէջ Տեղի Ունեցաւ 3 Արժէքաւոր Գիրքերու Շնորհանդէսը

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ այսօր, Մայիս 20-ին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ ականաւոր պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան, հատոր 13», (Պէյրութ, 2020), «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները»,(Երեւան, 2020), […]

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Կը Դատապարտէ Հրեայ Երիտասարդներու Կողմէ Հայ Հոգեւորականին Վրայ Յարձակումը

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հոգեւորականներէն մէկը հրեայ երիտասարդներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը դէպքին առիթով հրապարակեց  յայտարարութիւն մը՝ խստիւ դատապարտելով Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Արբակ աբղ. Սարուխանեանի վրայ հրեայ երիտասարդներու […]

«Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-Ամեակ Գիտաժողովի Նիւթեր (21-23 Մարտ 2018)» Ժողովածուին Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Մայիս 18-ին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան 100-ամեակ, գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» ժողովածուին  շնորհահանդէսը: Ժողովածուն լոյս տեսած է 2021-ին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ […]

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նամակ Յղած Է Իսլանտիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը նամակ յղած է Իսլանտիոյ խորհրդարանի նախագահ Սդէյնկրիմուր Սիկֆուսոնին՝ խնդրելով չաջակցիլ խորհրդարան ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Շենթոփ նամակին մէջ նշած […]