Category: Սփիւռք
«Նուիրի՛ր Ուրախ Ամանոր Արցախի Փոքրիկներին»․ ՀՅԴ ԱԵՄ-ի Նախաձեռնութիւնը
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած է «Նուիրի՛ր ուրախ Ամանոր Արցախի փոքրիկներին» ծրագիրը։ ՀՅԴ ԱԵՄ-ը ԱՀ սահմանամերձ համայնքներու երեխաններուն համար կ՝իրականացնէ ամանորեայ նուէրներու հաւաքագրում՝ նպատակ ունենալով մանուկներուն հետաքրքրական եւ […]
Լոյս Տեսաւ Արա Օշականի «Հատում» Հատորը
Փարիզի մէջ հրապարակուեցաւ լուսանկարիչ Արա Օշականի նոր հատոր-ալպոմը՝ «Displaced/Հատում»ը։ Հեղինակը այս առթիւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք յղած է հատորի հրատարակութիւնը նախաձեռնողներուն, մասնաւորապէս՝ Փարիզ ապրող գրող եւ քննադատ Գրիգոր Պըլտեանին, որ «Կամուրջը» […]
«Արցախի Պատերազմներու Զոհերը Չեն Կրնար Ծառայել Մահմետականութեան եւ Քրիստոնէութեան Միջեւ «Քաղաքակրթական Պատերազմ»-ի Ցնորքներուն. Յայտարարութիւն
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն 30 Նոյեմբերին տարածած է մամլոյ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Յառաջիկայ 11-15 Դեկտեմբերին, Էրիք Զեմուր պիտի մեկնի Հայաստան: Այս ճամբորդութիւնը չէզոք նախաձեռնութիւն մը չէ քաղաքական անձնաւորութեան մը կողմէ, […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՀՀ Դեսպանը
Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրէն ներս։
Հայկական-Սուրիական Մշակոյթի Օրեր՝ Հալէպի Մէջ
Կիրակի, 5 Դեկտեմբեր 2021-ին, հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ Արաբ Գրողներու Համախմբումին եւ Հալէպի Մշակոյթի Տնօրէնութեան կազմակերպած «Հայկական-Սուրիական Մշակոյթի Օրեր» խորագիրը կրող երեկոյթին, Հալէպի մշակութային կեդրոնէն ներս։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր […]
Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Հայ Կեդրոնի Հիմնարկէք
Համայնքին մօտաւորապէս տասնամեակի մը ջանքերուն արգասիքը հանդիսացող՝ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Կեդրոնի հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Դեկտեմբերին, մասնակցութեամբ համայնքային գործիչներու, տեղական քաղաքական գործիչներու եւ համակիրներու։ Այս մասին […]
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ ՀՀ Դեսպանին
Երկուշաբթի՝ 6 Դեկտեմբեր 2021-ին կէսօրէ ետք ժամը 3։00ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեանի, փոխ Ատենապետ տոքթ. Ստեփան Փափազեանի, […]
ՀՅԴ Մարմիններու Խորհրդաժողովի Մասնակիցները Այցելեցին Արամ Ա. Վեհափառին
Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբերին, Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի կազմակերպած դաշնակցական կազմակերպական աշխարհատարած կառոյցի մարմիններու խորհրդաժողովին: Առաջին օրուան իր աշխատանքային նիստերու աւարտին, խորհրդաժողովին մասնակիցները, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր […]
Ուաշինկթըն Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Հայ Համայնքը Ահաբեկելու Արարքները
Միացեալ Նահանգներու Կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողովին պատրաստած նորագոյն զեկուցումին մէջ, Թուրքիա դարձեալ կը մեղադրուի կրօնական փոքրամասնութիւններու շուրջ թշնամական քաղաքական միջավայր ստեղծելու յանցանքով: Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը […]
Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը» Գիրքի Շնորհահանդէսը Պէյրութի Մէջ
«Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին եւ Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2021-ին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան […]










