Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ Գումարուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովը

Մարտ 7-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուսուցչաց Տօնին Առիթով Նիւթապէս Կը Գնահատէ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Ուսուցիչները

Ուսուցչաց Տօնին առիթով, 9 Մարտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ ուսուցիչներուն: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն կատարեց Լիբանանի (662) եւ Սուրիոյ […]

Ուաշինկթըն Անտեսեց Ազրպէյճանը Չզինելու Սահմանափակումները

Փետրուար 3-ին Հայ Դատի յանձնախումբը փոխանցեց Քոնկրէսին, որ պարտադրէ Ազրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող՝ Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւին թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը: 1992-ին վաւերացուած յաւելուածը 2002-էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ […]

«Միւզիքըլ Արմինիա» Համերգը Նիւ Եորքի Մէջ

«Միւզիքըլ Արմինիա»-ի 37-րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի, Մարտ 6-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քարնըկի» կեդրոնի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հայրենիք»-էն։ […]

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը 30 Տարեկան Է

30 տարի առաջ՝ 3 Մարտին, նորանկախ Հայաստանի օրուան նախագահին հրամանագիրով ստեղծուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Այս առիթով հիմնադրամը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այդ նշանակալի օրէն ի վեր, հիմնադրամը գործեց ի նպաստ Հայաստանի […]

Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան Ատանայի Ջարդերը կը Վերլուծէ Անգլերէն Նոր Հատորով Մը

Վերջերս, Սթանֆըրտ համալսարանի հրատարակչատունը թղթակազմ, լաթակազմ եւ ելեկտրոնային տարբերակներով լոյս ընծայած է դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանի գիրքը 1909-ի Ատանայի ջարդերուն մասին, որ աւելի քան 15 արխիւներու մէջ կատարուած տասնամեայ մանրակրկիտ […]

Քալիֆորնիոյ Քաղաքական Պաշտօնատարներ Նշեցին Սումկայիթի Ջարդերուն 34-րդ Տարելիցը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս շաբթուան ընթացքին Քալիֆորնիոյ շարք մը քաղաքական պաշտօնատարներ նշեցին Սումկայիթի ջարդերուն 34-րդ տարելիցը, միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն, որ կասեցնեն […]

Միլանի մէջ Ներկայացուեցան Տաղանդաւոր Երիտասարդ Հայերու Արտադրութիւնները

HAY-HAY Armenian Concept Store-ը՝ Փետրուար 25-ին եւ 26-ին, Միլանի Palazzo Visconti-ի մէջ, ներկայացուց տաղանդաւոր երիտասարդ հայ ձեւաւորողներու աշխատանքները` Emerging Talents-ի կողմէ կազմակերպուած 2022-23 Աշուն-Ձմեռ ցուցադրութեան ծիրէն ներս: HAY-HAY Concept-ի ցուցադրութիւնը […]

Բարեկենդանը՝ Ֆերիգիւղի Եկեղեցւոյ Մէջ

Բուն Բարեկենդանի առթիւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ 27 Փետրուար 2022, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ […]

Սումկայիթի Ջարդերը Դատապարտող Բողոքի Հաւաք ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կազմակերպութեամբ

34 տարի առաջ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ քաղաքացիներու դէմ գործադրուած ջարդերուն եւ վայրագութիւններուն յիշատակման առիթով, Փետրուար 26-ին, բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին Վանգուվըրի հայ համայնքի անդամները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը […]