Գանձայի Մէջ Ծնած է Բազմազաւակ Ընտանիքի 14-րդ Զաւակը

Յունիս 21-ին, Ախալքալաքի մէջ լոյս աշխարհ եկած է Նինոծմինդայի շրջանի Գանձա գիւղին մէջ բնակող Ղազարեաններու ընտանիքի 14-րդ զաւակը՝ Դանիէլը։ Այս մասին կը հաղորդէ jnews.ge-ը։ Նորածինի մայրը շատ ուրախ է, եւ […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին Նուիրուած Ժողովրդային Հաւաք Հալէպի Մէջ

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Երկուշաբթի, 20 Յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ […]

«Արշալոյսի Լուսաբացը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` «Էննեսի» Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնին

«Զօրեան» հիմնարկի` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոյի հարցազրոյցներէն մէկուն` Օրորա Մարտիկանեանի վերաբերող հարցազրոյցին հիման վրայ պատրաստուած է «Արշալոյսի լուսաբացը» շարժանկարը (animation) ժապաւէնը, որ մասնակցեցաւ «Էննեսի» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին: Այս մասին […]

Ի­րենց Պա­ռակ­տիչ ու Ա­տե­լու­թեան Խօս­քե­րով Լե­ցուն ­Զա­րեհ ­Սի­նա­նեա­նի Նման Ձայ­ներ Լսելի Պիտի Չդառնան. Յայտարարութիւն ՀՅԴ Յունաստանի ԿԿ-ի

Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի գոր­ծե­րու յանձ­նա­կա­տար ­Զա­րեհ ­Սի­նա­նեան ­Փաթ­րա քա­ղա­քին մէջ 23 ­Յու­նի­սին ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան-­Կիպ­րոս սփիւռ­քի հար­ցե­րու թե­մա­յով հան­դիպ­ման մը պի­տի մաս­նակ­ցի։ Այս ա­ռի­թով ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան կող­մէ յա­տուկ հա­ւաք մը […]

«Մենք Կողքիդ Ենք». Աջակցութիւն Կարօ Փայլանին՝ Թուրքիոյ Մտաւորականներէն

Թուրքիոյ խումբ մը մտաւորականներ, ներառեալ՝ 47 լրագրող եւ իրաւաբան, տարածած են համատեղ յայտարարութիւն՝ աջակցութիւն յայտնելով Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին: Այս մասին կը հաղորդէ […]

Թիֆլիսի Մէջ Փարաջանովի Անուան Փողոց Բացուած է

Թիֆլիսի Մթածմինդա թաղամասին մէջ յայտնուած է ականաւոր բեմադրիչ, սենարիստ եւ նկարիչ Սերգօ Փարաջանովի անունը կրող փողոց։ jnews.ge-ի տեղեկութիւններով՝ փողոցի բացման ներկայ եղած են Թիֆլիսի Սակրեբուլոյի պատգամաւորներ, արուեստի ներկայացուցիչներ, Սերգօ Փարաջանովի […]

Համահայկական Ամառնային Խաղերը Տեղի Պիտի Ունենան Օգոստոս 2023-ին

13 Յունիսին տեղի ունեցաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր մարմինի նիստը՝ նախագահութեամբ Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի, փոխնախագահներ՝ Ալպերթ Պոյաճեանի (Միացեալ Նահանգներ), Ստեփան Տէր Պետրոսեանի (Լիբանան), Ռոլանտ Շառոյեանի (Հայաստան), գործադիր […]

Եւրոպական Աւելի Քան 90 Կազմակերպութիւն Նամակ Յղած է Շառլ Միշելին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Հարցով Անոր Միջնորդութեան Վերաբերեալ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Յունիս 16-ին, եւրոպական 91 կազմակերպութիւններ, որոնք աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու մէջ, նամակ յղած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելին՝ յայտնելով […]

Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Երկու Հրթիռ Արձակած Են Քեսապի Ուղղութեամբ

Այսօր երեկոյեան՝ ահաբեկչական խմբաւորումներ հիւսիսային գիւղերէն երկու հրթիռ արձակեցին Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապ աւանին վրայ: Այս մասին, ըստ «Գանձասար»-ի, կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը։ Արձանագրուեցան նիւթական աննկատ վնասներ: «Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ նոյն […]

Արտեմ Փաթափութեան՝ ԳԱԱ-ի Պատուաւոր Անդամ Եւ ԵՊԲՀ-ի Պատուաւոր Դոկտոր

Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան, փրոֆէսըր Արտեմ Փաթափութեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ընդհանուր ժողովի 9 Յունիսի որոշումով ընտրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային […]