Հայ Դատի Գանատայի Յանձնախումբին Յայտարարութիւնը Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովին Կողմէ Արցախի Շրջափակման Լսումներուն Վերաբերեալ

Յունուար 25-ին, Գանատայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը գումարեց երկու առանձին նիստ՝ նուիրուած ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շարունակուող շրջափակմանը։ Արցախի մասին իրազեկման հանդիպումները կազմակերպուեցան, երբ անցեալ շաբաթ ընդդիմադիր Պլոք Քեպէգուա կուսակցութեան […]

Կանխեցէ´ք Հերթական Ցեղասպանութիւնը. Թիֆլիսի Մէջ Ցոյց՝ Ի Պաշտպանութիւն Շրջափակուած Արցախի (տեսանիւթ, լուսանկարներ)

Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութեան երիտասարդական միութեան անդամները Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ ցոյց իրականացուցած են՝ ի պաշտպանութիւն շրջափակուած Արցախի։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը։ Ցոյցին ծիրէն ներս՝ Թիֆլիսի մէջ փակցուած է խոշոր […]

Լիբանանահայերը Բողոքի Ցոյց Իրականացուցին Ընդդէմ ազրպէյճանի (տեսանիւթ)

Լիբանանահայութիւնը այսօր իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին եւ բուռն կերպով դատապարտեց ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Արցախեան ազատամարտի բոլոր հանգրուաններուն լիբանանահայութիւնը ո՛չ միայն զօրակցած է, այլ նաեւ մասնակցած է Արցախի անկախութեան […]

Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհ Բռնկած է. Կան Զոհեր (լուսանկար)

Յունուար 23-ին, ժամը 21։45-ի սահմաններուն, Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական կաթոլիկ եկեղեցւոյ կացարանային հատուածին մէջ հրդեհ բռնկած է։ Հրշէջ-փրկարարները մարած են կրակը, սակայն որոնողափրկարարական աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերած են 2 մարդու դիակ։ […]

Դադրեցնել ազրպէյճանի Ցեղասպանական Շրջափակումը Արցախի Դէմ. Պուէնոս Այրէսի Հայութեան Բողոքի Ցոյցը (լուսանկարներ)

Պուէնոս Այրէսի հայ համայնքը Յունուար 23-ին ցոյց կազմակերպած է Պուէնոս Այրէսի Օպելիսգի մօտ՝ ցոյց տալու ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշարումը եւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ […]

Սփիւռքը Այսօր Լուրջ Աշխատանք Կը Տանի եւ Պիտի Շարունակէ Տանիլ՝ Ի Նպաստ Հայաստանի ու Արցախի․ Մուրատ Փափազեան

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մագրոնը Յունուար 23-ին Ելիսէյեան պալատին մէջ ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեանն ու Մուրատ Փափազեանը: Հանդիպման մանրամասներուն եւ քննարկուած հիմնական հարցերուն վերաբերեալ Tert.am-ը զրոցած […]

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ Նախարարին Յանձնած է Փասատենայի Քաղաքապետի Զօրակցութեան Յայտարարութեան Բնօրինակը

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը, Յունուար 19-ին, հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Ղազարեանին եւ վերջինիս փոխանցած Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի Փասատենայի […]

ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակը ԵՄ Գործադիր Իշխանութենէն Որոշակի Գործողութիւններ Կ՝ակնկալէ

2023թ․ Յունուար 19-ին Եւրոպական Խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շրջափակման մարդկայնական հետեւանքները» վերտառութեամբ բանաձեւ, որմով խորհրդարանը արձանագրած է շրջափակման իբրեւ արդիւնք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական հետեւանքները։ […]

Արամ Ա․ Վերաշեշտեց Պատմութեան Այս Ճակատագրական Պահուն Համախմբուելու եւ Միասնական Ճիգով Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Պաշտպանելու Հրամայականը

Երեքշաբթի, 17 Յունուար 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց Հայաստանի ու Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Բերձորի միջանցքին […]

Արամ Ա․ Կաթողիկոսի Ցաւակցագիրը՝ Հրդեհի Հետեւանքով Զոհուած Զինծառայողներու Ընտանիքներուն

Խոր ցաւով իմացայ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի կացարանին մէջ բռնկուած հրդեհին հետեւանքով 15 երիտասարդ հայորդիներու մահուան գոյժը։ Կ՚աղօթեմ անոնց հոգիներուն խաղաղութեան, ընտանիքներուն Ս. Հոգւոյ մխիթարութեան եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ […]