«Կոմիտաս» Երգչախումբը Երեք Համերգներ Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յառաջիկայ  Սեպտեմբեր 13-ին, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Միքայէլ Աւետիսեանի երկու շաբաթով պիտի մեկնի Հայաստան՝ ընդառաջելով Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առիթով Հայաստանի Երաժշտական ընկերութեան (որուն հիմնադրութեան 60-ամեակն է, […]

Օգոստոսին Ուղեւորահոսքը 15 Տոկոսով Աճած է

Ընթացիկ տարուան Օգոստոսին ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը ընդհանուր կազմած է 399,635 մարդ` 2018 թուականի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 15 տոկոսով: 2019-ի Օգոստոսին, 2018-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, «Զուարթնոց»-ի մէջ ուղեւորահոսքը […]

Մարզիկ Երուանդ Մկրտչեան Ոսկէ ու Արծաթէ Մետալներ Նուաճած է Պուլկարիոյ Մէջ

Հայաստանի ներկայացուցիչ Երուանդ Մկրտչեան ոսկէ ու արծաթէ մետալներ նուաճած է Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած Պալքանեան երկիրներու մարզական 72-րդ ախոյեանութեան: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: «1500 […]

Վարչապետը Մասնակցած է Արտակարգ Իրավիճակներու Աշխատողի Օրուան Նուիրուած Տօնական Շքերթին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ըսած է, որ պէտք է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան տեխնիկական յագեցուածութեան խնդրին: «Եւ այս առումով, ի հարկէ, մենք պէտք է նոյնքան […]

Հայ Մասնագէտները Հալէպի Խաղաղ Բնակչութեան Համար Առաջին Բուժօգնութեան Դասընթացներ Կը Կազմակերպեն

Սուրիոյ մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան ծիրէն ներս Հալէպի խաղաղ բնակչութեան համար հայ մասնագէտներու կողմէ կը կազմակերպուին առաջին բուժօգնութեան դասընթացներ` ուսուցանելով արտակարգ իրավիճակներու մէջ առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերելը: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական […]

Մովսէս Աբէլեան Նշանակուած է ՄԱԿ-ի Մէջ Բազմալեզւութեան Հարցերով Համակարգող

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է ՄԱԿ-ի մէջ բազմալեզւութեան հարցերով համակարգող: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը յայտնէ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը: Մովսէս Աբէլեան պատասխանատու պիտի ըլլայ […]

Դրամաշնորհի եւ Ֆինանսական Աջակցութեան Մրցոյթ Սուրիահայ Ուսանողներու Համար

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը («Հալէպ» ՀԿ)  «Սուրիահայ երիտասարդներու պայծառ ապագայ» ծրագրի ծիրէն ներս սիրով կը յայտարարէ սուրիահայ ուսանողներու համար նախատեսուած կրթաթոշակներու եւ ֆինանսական աջակցութեան մրցոյթ: Ծրագիրը կ՛իրականացուի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի […]

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Շնորհաւորած են Արցախի Նախագահը

Ամերիկացի քոնկրեսականները Արցախի նախագահը շնորհաւորած են Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով: Իր Թուիթըրեան էջին մէջ շնորհաւորական նամակը հրապարակած է քոնկրեսական Ֆրանկ Փալոն, կը յայտնէ News.am-ը: Նամակը ստորագրած քոնկրեսականներու շարքին են՝ Էտըմ […]

Արցախի Շօշ Գիւղը Նոր Մանկապարտէզ Ունի

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Սեպտեմբեր 3-ին այցելած է Ասկերանի շրջանի Շօշ գիւղ` մասնակցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով կառուցուած մանկապարտէզի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Ինչպէս կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի մամլոյ գրասենեակը, 50 երեխայի համար նախատեսուած նախակրթարանը իր յարկին տակ պիտի […]

Բազմազաւակ Ընտանիքէն 7 Երեխայ Ուղեւորուեցաւ Դպրոց․ Անոնք Ունին 15 Երեխայ

Բազմազաւակ Մարտիկ եւ Անժէլա Մելքոնեաններու ընտանիքէն Սեպտեմբեր 1-ին 7 երեխայ ուղեւորուեցաւ դպրոց, կը յայտնէ «Մեդիա ինֆօ-ն»։ Մելքոնեաններու ընտանիքը Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաերիտասարդ բազմազաւակ ընտանիքներէն է: Անոնք ունին 15 երեխայ: Փոքրը` Յակոբը, […]