Ջանք ու Հնարաւորութիւն Չենք Խնայեր Այս Պայքարը Նուազագոյն Կորուստներով Յաղթելու Համար․ Զարեհ Սինանեան (տեսանիւթ)

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեսաուղերձով դիմած է արտերկիր գտնուող մեր հայրենակիցներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն սփիւռքեան կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք գործնական եւ մասնագիտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն […]

17-ամեայ Աղջկայ Նպաստը՝ Կապանի Բուժաշխատողներուն. Բարեգործութիւնը Սահմաններ Չունի

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բնակող, արմատներով կապանցի 17-ամեայ Էլենա Հայրապետեան՝ կարեւոր համարելով ու գնահատելով բուժաշխատողներու ամենօրեայ ջանքերն ու նուիրումը «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման ուղղուած քայլերուն գծով, փափաքած է իր համեստ […]

«Յանուն Հայ Զինուորի» ՀԿ-ն Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան Տրամադրած Է Ախտահանման 2 Յատուկ Սարք

«Յանուն հայ զինուորի» ՀԿ-ն Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած է ախտահանման 2 յատուկ սարք՝ «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն համար օգտագործելու նպատակով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախ / Տեղեկատուական շտաբէն:

2020-ի Առաջին Եռամսեակին Հայաստանի ԱԱԾ Սահմանապահ Զօրքերը Կանխած Են Սահմանի Խախտման 20 Փորձ

Ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերուն կողմէ կանխուած է պետական սահմանի խախտման 20 փորձ, բացայայտուած է սահմանային դրութեան խախտման 13 դէպք` 29 անձի մասնակցութեամբ: Այս մասին […]

Քոնկրեսական Սփիր Կը Զօրակցի «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Հայաստանին Յաւելեալ Նպաստ Տրամադրելու Կոչին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիր իր զօրակցութիւնը յայտնած է  «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Հայաստանին առնուազն 25 միլիոն տոլարի յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն […]

Արցախի Հանրապետութիւնը Անգամ Մը Եւս Ապացուցեց, Որ Կայացած Երկիր Է․ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած Է Արայիկ Յարութիւնեանը

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի մէջ նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաջողութեան հասնելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն առիթով։ Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահի […]

Արայիկ Յարութիւնեան Նախնական Տուեալներով Ստացած Է Ձայներուն 87 Տոկոսը

14 Ապրիլին, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն, տարածքային ընտրական յանձնաժողովներէն փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, երեկոյեան ժամը 8-ի դրութեամբ մասնակցած են 47,050 ընտրողներ՝ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 44.9 տոկոսը։ […]

Արցախի Մէջ Մեկնարկեց Նախագահական Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլի Քուէարկութիւնը

Այսօր Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան օրն է: Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի 103 հազար 637 քաղաքացի: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան ներկայացնելով […]

Հայաստան Թուրքիայէն Որեւէ Այլ Աջակցութեան Խնդրանքով Չէ Դիմած․ Աննա Նաղտալեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան մեկնաբանած է թրքական կողմին յայտարարութիւնը, թէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ, Հայաստան օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն, եւ վերջինս պատրաստ է այդ օգնութիւնը […]

Ապրիլ 24-ի, Մայիս 8-ի Եւ 9-ի Ձեռնարկներուն Քաղաքացիներուն Մասնակցութիւնը Պիտի Սահմանափակուի

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի, Շուշիի ազատագրութեան եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին տարուած յաղթանակի օրերուն տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն՝ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու քայլերու ծիրին մէջ, պիտի սահմանափակուի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի […]