Կը Բացառեմ Տաւուշի Մարզի Տարածքներու Յանձնման Գործընթացը․ Հայկ Չոպանեան

Ես կը բացառեմ Տաւուշի մարզի տարածքներու յանձնման գործընթացը՝ ըստ Yerkir.am-ի ըսաւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան, լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին: Ան վստահեցուց, որ Տաւուշի մէջ ամէն ինչ հանգիստ է, սահմաններու փոփոխութեան […]

Իտալիա Չի Կրնար Բանակցիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Թուրքիոյ Հետ. Պատգամաւոր

Իտալիոյ իշխող համախոհական կառավարութեան մաս կազմող «Լեկա» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Մաթէօ Սալվինի անկարելի կը համարէ բանակցիլ Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ այդ երկիրը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իբրեւ պատասխան Անգարայի հետ բանակցելու […]

Զօրաւոր Սբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Բարբարոսական Ոչնչացումը Արդարացնելու Ազրպէյճանական Կողմի Փորձերը Դատապարտելի Են. Աննա Նաղդալեան

ՀՀ ԱԳՆ-ն հրապարակած է մամուլի խօսնակին պատասխանը լրատուականներու հարցին: Հարց. Ազրպէյճանի նախագահականը եւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հանդէս եկած են Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերման մասին «արդարացումներով»: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ատիկա: […]

Գեղամ Ստեփանեան Ընտրուած է Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այսօր, Մարտ 25-ին, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին ընտրեց Գեղամ Ստեփանեանը։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին միջոցով տարածած է Արցախի ԱԺ նախկին նախագահ Աշոտ Ղուլեան։ «Անչափ ուրախ […]

Ասիկա Նոյնպէս Ապացոյց է, Որ Արցախի Մէջ Հայերուն Նկատմամբ Տեղի Ունեցած Են Ցեղական Զտումներ ու Ցեղասպանութեան Քաղաքականութիւն․ Արման Թաթոյեան

Արման Թաթոյեան Facebook-ի իր էջով տարածած է BBC-ի տեսանիւթը՝ գրելով․ «2020թ. Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր պատերազմին հետեւանքով ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք՝ ամբողջութեամբ աւերուած է Մեխակաւան բնակավայրի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, որուն […]

«Մեր Նպատակն Ու Օրակարգը Անփոփոխ Են». Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Հանրահաւաքը՝ Մարտ 28-ին

Հայրենակիցնե՛ր, Հայրենիքի փրկութեան շարժման յետագայ ընելիքները ներկայացնելու նպատակով՝ Մարտ 28-ին, ժամը 15։00-ին, Բաղրամեան-Դեմիրճեան փողոցներուն վրայ կը հրաւիրուի համապետական հանրահաւաք: «Մեր նպատակն ու օրակարգը անփոփոխ են»,- նշուած է շարժման տարածած յայտրարութեան […]

Արցախի Մէջ Ռուսերէնին Կը Տրուի Երկրորդ Պաշտօնական Լեզուի Կարգավիճակ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը ընդունած է «Լեզուի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը։ Ըստ նախագիծին՝ կը նախատեսուի ռուսերէնին տալ երկրորդ պաշտօնական լեզուի կարգավիճակ: Նախագիծին կողմ քուէարկած է 27, ձեռնպահ՝ 2 պատգամաւոր:

Լոյս Տեսած Է «Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման Հերոսապատումը» Հատորը

«Ազդակ» օրաթերթը լոյս ընծայած է սուրիահայ իր աշխատակից Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը։ Գիրքը կը ներկայացնէ իրադարձութիւններու ժամանակացոյցը, Հանրապետութեան կերտիչները եւ մայիսքսանութեան խորհուրդին անդրադարձող հայրենի եւ սփիւռաքահայ գործիչներու […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Երեքշաբթի, 23 Մարտ 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Արցախի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանը […]

Ուղղափառութեան Միջխորհրդարանական Վեհաժողովը Կոչ Ըրած է Պաշտպանելու ԼՂ-ի Հայկական Քրիստոնէական Յուշարձանները

Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի (ՈՒՄՎ) գլխաւոր քարտուղար, Յունաստանի խորհրդարանի անդամ, ՈՒՄՎ քարտուղարութեան լիազօրուած դոկտոր Մաքսիմոս Խարակոպուլոսը հանդէս եկած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քրիստոնէական յուշարձաններու պաշտպանութեան ուղղուած յայտարարութեամբ: Յայտարարութիւնը հնչեցուած է վեհաժողովի […]