Category: Հայաստան
Հայրենիքի Փրկութեան Շարժման Հանրահաւաքը Սեւան Քաղաքին Մէջ
Սեւան քաղաքի Սուրէն Զաքարեանի անուան մշակութային պալատի յարակից հրապարակին վրայ այսօր տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը։ Հանրահաւաքի մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Ընդդիմադիրները նախապէս յայտարարած էին, որ […]
Կը Դատապարտենք Պարտուողական «Խաղաղասիրութեան» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման ու Պահանջատիրական Երթը Նսեմացնելու Վարչախումբի Փորձերը. ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Վերջին օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական ղեկին կառչած վարչախումբի որոշ ներկայացուցիչներ՝ հանդէս եկան «տարածաշրջանային համագործակցութեան», Թուրքիոյ հետ «չթշնամանանք»ի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը նսեմացնելու յայտարարութիւններով, միաժամանակ, կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական […]
Կը Վստահեցնենք, Որ Մենք Կը Մնանք Հաստատակամ ու Անզիջող՝ Հայրենիքի ու Պետականութեան Պաշտպանի Մեր Դիրքերուն Վրայ. Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր.Կոմիտէ
Սիրելի հայրենակիցներ, Ծանր ու վտանգաւոր կացութեան մէջ է Հայաստանը։ Վտանգուած է պետութեան գոյութիւնը, որովհետեւ տիրող վարչախումբը, անցնող մօտաւորապէս 3 տարիներուն ընթացքին, կարծէք միտումնաւոր կերպով, օրէ օր տկարացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական […]
Արցախը Յանձնած Իշխանական Համակարգը Հնարաւորութիւն Պիտի Չունենայ Անգամ Մը Եւս Դաւաճանելու Հայ Ժողովուրդին. Նոր Ջուղայի Հայ Դատի Գրասենեակ
31 Մարտին Նոր Ջուղայի Հայ Դատի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առնչութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է՝ «Հաշուած օրեր մնացած են Հայոց պատմութեան ամենաողբերգական էջին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ […]
Արժեւորենք Գինը, Որ Վճարուեցաւ Յանուն Խաղաղութեան եւ Հայոց Կեանքի Յարատեւութեան. Գարեգին Բ.
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդ ուղերձ յղած է Աւագ Ուրբաթ օրուան ընդառաջ: «Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր, Մեծի պահոց շրջանի հոգեւոր ապրումներով քայլ առ քայլ հասած ենք Աւագ Հինգշաբթի օր։ Այսօր […]
Յայտնաբերել Լելէ Թեփէի Գործողութեան Քաղաքական Որոշման Պատասխանատուն. «Ճշմարտութիւն Սերունդների Համար» Նախաձեռնութիւն
«Ճշմարտութիւն սերունդների համար» նախաձեռնութիւնը իրականացուցած է հետաքննութիւն, որուն հիմնական նպատակը Արցախեան երկրորդ պատերազմի ելքը որոշած ճեպրաիլեան կամ Լելէ թեփէի գործողութիւնն է, որ իրականացաւ Հոկտեմբերի սկիզբը, եւ որուն հետեւանքով ռազմաճակատի վրայ […]
Կեանքէն Հեռացաւ Հայ Սեւ Գօտիներու Միութեան Հիմնադիր Նախագահ Կարօ Քեպապճեանը
Յանկարծամահ եղած է Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր նախագահ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քոնկ ֆու-ուու շուի հիմնադիր, Մերձաւոր արեւելքի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը։
Ինքնաշարժի Արկածի Զոհ Դարձաւ Ժիրայր Շահիջանեան
Մարտ 30-ին, ինքնաշարժի արկածի զոհ դարձաւ ՀՅԴ Երեւանի Մարզային կոմիտէութեան անդամ, ՀՅԴ Երեւանի «Կոմիտաս» կոմիտէի անդամ ընկեր Ժիրայր Շահիջանեանը։ Տարիներ առաջ ընտանիքով Իրանէն Հայաստան տեղափոխուած Ժիրայր Շահիջանեան շնորհակալ ներդրում ունեցած […]
Ոչ Եւս Է Արցախի Հերոս, Զօրավար-հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը
Մահացած է Արցախի հերոս, զօրավար-հրամանատար Արկադի Տէր-Թադեւոսեանը։ Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան։ «Սրտի խոր կսկիծով կը տեղեկացնեմ, որ քիչ առաջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Արցախի […]
Թուրքիան Գաղտնի Կը Բանակցի Սպիտակ Տան Կողմէ Ցեղասպանութեան Հնարաւոր Ճանաչման Խոչընդոտելու Համար
ստ թուրքական իշխանամետ Sabah կայքի՝ Անգարան գաղտնի դիւանագիտական աշխատանքներ կը վարէ ԱՄՆ-ի հետ Ապրիլ 24-ի նախօրէին, քանի որ կ՝անհանգստանայ Ուաշինկթընէն ստացուող ազդանշաններէն, թէ նախագահ Ճօ Պայտըն այդ օրը կրնայ կիրառել […]










