ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ

Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ լսատեսողական, տպագիր եւ առցանց մամուլի տարբեր երկիրներէ ներկայացուցիչներ։ Մասնակիցները՝ մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ յարգեցին յիշատակը Արցախի պատերազմի […]

Միջազգային Գիտաժողով. Հայաստանը եւ Տարածաշրջանը (Ծրագիր)

ՀՅԴ Հանրային Կապերու գրասենեակ Երեւան 2021 Միջազգային գիտաժողովՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԸ. ԴԱՍԵՐ, ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ, ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՆուիրուած 1921 թ. Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100-ամեակին Տեղի կ՝ունենայ 2021 թ. Հոկտեմբեր 19-21, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի […]

Ազրպէյճանական ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած Են Երասխ Գիւղին Ուղղութեամբ (տեսանիւթ)

Հոկտեմբեր 15-ին՝ ժամը 15։00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակած են Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխ գիւղի, եւ այդ հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով այրած են գիւղի […]

Ազրպէյճանի «Ռազմավարի Պուրակ»-էն Մարդակերպերը Եւ Սաղաւարտները Վերցուեցան

Հայաստանի պահանջով՝ Պաքուի «Ռազմավարի պուրակ»-էն վերցուեցան բոլոր մարդակերպերը («մանըքէն») եւ սաղաւարտները: Այս մասին Առաջին ալիքի «Լուրեր» լրատուական ծրագիրէն յայտնեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի, Հաաքայի դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ […]

Հայ Սամպիստները Երեք Մետալ Նուաճած են

Սամպոյի աշխարհի 2021թ. պատանեկան ու երիտասարդական առաջնութիւններու առաջին օրը՝ հայ սամպիստները նուաճած են երեք մետալ՝ ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։ Աշխարհի պատանեկան առաջնութեան ախոյեան դարձած […]

Հաագայի Դատարանին Մէջ ՀՀ Ներկայայցուցիչը Կոչ Ըրած է Ազրպէյճանի Դէմ Հրատապ Միջոցներ Ձեռնարկելու

Այսօր ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ՝ «Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով լսումներուն ընթացքին ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ներկայացուցած է բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը վկայեն Ազրպէյճանի կողմէ ցեղական զտման մտադրութեան, […]

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Յուշադրամ Թողարկուած է

ՀՀ կեդրոնական դրամատունը 2021 Հոկտեմբեր 13-ին շրջանառութեան մէջ դրաւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակ» արծաթէ յուշադրամը։ Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ կեդրոնական դրամատունը: Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928 թթ.) հայ մեծանուն երաժշտահան է, […]

Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Սկսած Պատերազմին Զօրակցած 12 Իրանցի Բանտարկութեան Դատապարտուեցաւ

Իրանեան դատարան մը արձակեց վճիռ մը 12 ազրպէյճանցի գործիչներու հարցով, որ կը վերաբերի անցեալ տարուան 28 Սեպտեմբերին, Իրանի Արտեպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, որ կազմակերպուած էր՝ իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի […]

Թուրքիան Երեւանին Կոչ Ըրած է Արցախի Ականապատ Դաշտերու Քարտէզները Պաքուին Յանձնելու

Հայաստանը մօտ ապագային պէտք է դրական քայլեր ձեռնարկէ ականապատ դաշտի քարտէզներու փոխանցման հարցը պարզեցնելու եւ համագործակցութեան ու խաղաղութեան յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Այս մասին, ըստ «Երկիր»-ի, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու […]

«Վասպուրականի Արծիւը Հայ Գրականութեան Անդաստանում»․ Համազգայինի Լոյս Ընծայած Գիրքը՝ Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Ծննդեան 200-ամեակին

Համազգայինի երեանեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է Հայ եկեղեցւոյ 125-րդ կաթողիկոս, հոգեւոր-մշակութային գործիչ, մտաւորական ու գրող Խրիմեան Հայրիկի մասին «Վասպուրականի Արծիւը հայ գրականութեան անդաստանում» գիրքը, որուն հեղինակը բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր […]