Category: Հայաստան
Ազրպէյճանական Կողմի Կրակոցներուն Հետեւանքով՝ Մէկ Զոհ, Երեք Վիրաւոր
Նոյեմբեր 8-ին՝ ժամը 15։00-ին, Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի մուտքի մօտակայ խաչմերուկին մօտ՝ ազրպէյճանական կողմը կրակոցներ արձակած է ջրամատակարարման խողովակներու վրայ շինարարական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիական անձերու ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով տուժած է […]
Ըմբիշ Արսէն Յարութիւնեան՝ Աշխարհի Մ23 Առաջնութեան Յաղթող
Ազատ ոճային ըմբիշ, 61 քկ քաշային Արսէն Յարութիւնեան Սերպիոյ մէջ ընթացող աշխարհի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան եզրափակիչին գօտեմարտած է ռուս Արթուր Չեպոտաեւի հետ եւ 11-7 հաշուով փայլուն յաղթանակ տարած՝ նուաճելով […]
Գանատայի Հայոց Թեմի Մարդասիրական Առաքելութիւնը Արցախահայութեան
Երկրորդ Փուլ Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ հաւատարիմ Գանատայի Հայոց Թեմի հայրենանուէր առաքելութեան ու կոչումին, Թեմիս Ազգային Վարչութիւնը մեկնարկեց արցախահայութեան օժանդակութեան […]
Սփիւռքի ՀՅԴ Կառոյցները Կը Միանան Դիմադրութեան Շարժման
Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային լրջագոյն խնդիրները, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ՀՀ իշխանութիւններուն բացայայտ եւ գուլիսային համաձայնութիւններու յարուցած վտանգներն ու հնարաւոր անդառնալի հետեւանքները` ՀՅԴ կառոյցը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, […]
ՀՄԸՄ Հաւատարիմ` Նորահաս Սերունդներու Ազգային Առողջ Դաստիարակութեան Իր Առաքելութեան. Հաղորդագրութիւն
Երկու տարուան առցանց հանդիպումներէ ետք, 26-29 Հոկտեմբերին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր երկրորդ լիագումար նիստերը կատարեց Երեւանի մէջ, Հայաստան: Քառօրեայ նիստերը ընդհանուր քննարկման ենթարկեցին միութեան գործունէութիւնը եւ հաստատեցին, որ […]
Ազրպէյճան Խախտած Է Հայ Գերիներու Կեանքի Իրաւունքը. ՄԻԵԴ-ի Վճիռը
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակեց 2014-ին, Ազրպէյճանի մէջ գերի պահուած եւ խոշտանգուած՝ Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով վճիռները: Անիկա հաստատեց, […]
Մեծ Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Օրինագիծը
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը պիտի քննարկուի Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ Հայ Դատի յանձնախումբը։ Նոյեմբեր 9-ին, Համայնքներու պալատին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծին առաջին […]
«Սատարենք Մեր Հերոսներին»-ի Համար Սեպուհ եւ Թամար Սիմոնեաններու Կազմակերպած Հաւաքին 170,000 Տոլար Հանգանակուեցաւ
Հանրածանօթ երաժիշտ, Capital Cities խումբի ղեկավար Սեպուհ Սիմոնեան (Sebu), իր տիկնոջ՝ Թամարի եւ մտերիմ ընկերներու հետ, 26 Սեպտեմբերին կազմակերպած էր իւրայատուկ երեկոյ մը՝ ի նպաստ «Սատարենք Մեր Հերոսներին» (Support Our […]
Անհրաժեշտ Է, Որ Ներկայ Ճգնաժամին, Լիբանանահայ Աշակերտութիւնը Իր Կապերը Ամրացնէ Արցախի Եւ Սիւնիքի Աշակերտութեան Հետ. Արթուր Խաչատրեան
Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան հանդիպումը Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի հետ: Ներկայ էին Հայ աւետարանական կեդրոնական […]
Դաւիթ Չալոյեանը Յաղթեց Ազրպէյճանցի Բռնցքամարտիկին եւ Հասաւ Եզրափակիչ
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ընթացող բռնցքամարտի աշխարհի առաջնութեան, այսօր իրականացան կիսաեզրափակիչ մարտերը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։ Հայաստանէն առաջինը պայքարի մէջ մտաւ գերծանր քաշային Դաւիթ Չալոյեանը, որուն մրցակիցը Եւրոպայի […]










