Հայաստանի Իշխանութիւնը Պետականութեան Ամրութեան Համար Խիստ Վտանգաւոր Թեմաներու Մէջ Մտած է. Արման Թաթոյեան

Հայաստանի իշխանութիւնը մտած է պետականութեան ամրութեան համար խիստ վտանգաւոր թեմաներու մէջ։ Այս մասին գրած է ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան: «Չի՛ կարելի քաղաքական շահերի համար նման ամօթալի պահուածք դրսեւորել ու […]

Ազրպէյճանական Հայատեացութիւնը Սահման Ունի՞

Եթէ կայ ոլորտ մը, ուր ազրպէյճանցիները անմրցելի են, այդ մէկը անկասկած հայատեացութեան մէջ «ստեղծարարութիւն»ն է։ Այս մասին կը գրէ «Նոր Յառաջ»-ը։ Այսպէս, կը տեղեկանանք թէ ազրպէյճանցի զինուորներու բազկանշանին վրայ գրուած […]

Սրբազանին Կը Սպառնան ՀՀ Իշխանական Պատգամաւորները եւ թրքական Մամուլը. Յայտարարութիւն

«Սրբազան պայքար» telegram-եան ալիքը արձագանգած է ԱԺ ՔՊ-ական պատգամաւոր, գործարար Խաչատուր Սուքիասեանի ՝ ԱԺ-ի մէջ ունեցած ելոյթին։ «Ազգային ժողովի իշխանական պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանը, անդրադառնալով «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» շարժման ընթացքին, այսօր յայտարարած […]

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Սպանիոյ եւ Մալթայի դեսպաններուն յղեց նամակ մը` անդրադառնալով Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման ու […]

Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Պալատը Միաձայնութեամբ Կողմ Քուէարկած է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծին

Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատը 14 Մայիսին միաձայնութեամբ (74 կողմ ձայն՝ 74 ներկայ պատգամաւորներէն) հաւանութիւն տուած է իւրաքանչիւր տարի 24 Ապրիլը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակող օրէնքի նախագիծին, որ պետական բոլոր պատկերասփիւռի […]

Օքամփօ Կոչ Կ՛ընէ Միջազգային Քրէական Դատարանին՝ Ընդունելու ալիեւը Ցեղասպանութեամբ Ամբաստանելու Դիմումը

«ԱՍՊԱՐԷԶ» «Փոլիթիքօ» թերթին մէջ Մայիս 10-ին լոյս տեսած յօդուածով մը, Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ կոչ կ՛ընէ այդ ատեանին, որ անյապաղ ընդունի անցեալ ամիս Արդարութեան եւ […]

Օսմանեան Կայսրութեան Առաջնորդները Մեղադրելու Փոխարէն` Փաշինեան Սլաքը Կ՛ուղղէ Հայերուն. «Լեմքին» Հիմնարկ

Լեմքինի անուան Ցեղասպանութեան կանխարգելման հիմնարկը քննադատեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ՝ Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող անոր ուղերձին համար։ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող ոչ կառավարական կազմակերպութեան մասնագէտները հաստատեցին, որ Հայաստանի […]

Սամպիստ Մայիս Ներսիսեանը՝ Եւրոպայի Ախոյեան

Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ իրականացուող սամպոյի Եւրոպայի առաջնութեան մարտական սամպոյի 64 քկ քաշային կարգի եզրափակիչին Մայիս Ներսիսեանը ջախջախիչ հաշուով /11:00/ յաղթած է ու հռչակուած Եւրոպայի ախոյեան: Այս մասին կը […]

Հայաստանի Կողմէ Շարունակական Զիջումները Չեն Կրնար Զսպել ազրպէյճանի Ախորժակը․ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ազրպէյճանի ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, մասնաւորապէս` ներկայիս Տաւուշի մարզի նկատմամբ։ ազրպէյճանի անհիմն տարածքային պահանջները, ինչպէս՝ Հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ, այսպէս […]

ազրպէյճանի Իշխանութիւնը Գոյութիւն Չունեցող Պատմական Փաստեր Կը Հնարէ Իր Արարքները Օրինականացնելու Համար․ Թաթոյեան

ազրպէյճանի նախագահին առընթեր Հասարակական հետազօտութիւններու կեդրոնը 2024թ. Ապրիլ 18-ին հրապարակած է հարցումներ, որոնք կը վերաբերին Հայաստանին: Թեմային անդրադարձած է «Թաթոյեան» հիմնադրամը:  «Հարցումներուն մէջ մեր բնակավայրերը ազրպէյճանական կեղծ անուանումներով են՝ 96․2%-ը […]