ՀՅԴ Հայ Դատի Աշխարհասփիւռ Համակարգի Աշխատանքները Ամբողջութեամբ Կեդրոնացած են Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Վրայ

Դեկտեմբեր 12-էն, ՀՅԴ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ համակարգի աշխատանքները ամբողջութեամբ կեդրոնացած են Արցախի մէջ ստեղծուած՝ մարդկայնական ճգնաժամին եւ ազրպէյճանի ցեղասպան էութեան միջազգային հանրահռչակման ու Արցախի համար միջազգային զօրակցութեան ապահովման վրայ։ Այդ […]

Կը Պահանջենք Հրատապ Միջոցներ Ձեռնարկել Արցախի Մարդկայնական Աղէտը Կասեցնելու Ուղղութեամբ․ Յայտարարութիւն

Այս յայտարարութեամբ կ՝ահազանգենք Արցախի Հանրապետութեան մէջ մարդկայնական ճգնաժամին մասին։ Դեկտեմբեր 12-ի առաւօտեան ժամը 10:30-էն ազրպէյճանական ուժերը բնապահպաններու անուան տակ արգելափակած են Լաչինի միջանցքը՝ Շուշի-Քարին տակ հատուածին վրայ՝ կտրելով միակ կապը […]

Չենք Կրնար Արտօնել Ազրպէյճանին Շարունակելու Բռնութեան ու Սպառնալիքի Քաղաքականութիւնը․ ԵԽ Պատգամաւորները Դիմած են Միշէլին ու Պորելին

Եւրոխորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներ նամակ յղած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին եւ ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէբ Պորելին` կոչ ընելով յստակ քայլեր ձեռնարկելու՝ ապահովելու […]

ԼՂ Ժողովուրդին Դէմ Ձմեռը Իբրեւ Զէնք Օգտագործելը Ալիեւի Կողմէ Բացայայտ Մենատիրական Սենար է. ԱՄՆ Ծերակոյտի Յանձնաժողով

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ ձմեռը իբրեւ զէնք օգտագործելը Ալիեւի կողմէ բացայայտ մենատիրական սենար է։ Այս մասին նշուած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Twitter-ի էջով տարածուած յայտարարութեան մէջ: «Ամբողջ աշխարհի […]

Ազրպէյճանը Պէտք է Դադրեցնէ Լաչինի Միջանցքին Արգելափակումը, Որ Լեռնային Ղարաբաղը Արտաքին Աշխարհին Կապող Միակ Ճանապարհն է

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Twitter-ի իր էջով անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման ու Լեռնային Ղարաբաղ կազի մատակարարման դադրեցման: Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Մենք կոչ կ՝ընենք միջազգային […]

Միջազգային Համայնքը Իրաւունք Չունի Անտարբեր եւ Լուռ Մնալու․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի Կոչը

Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց կարելի բոլոր ազդու միջոցներով միջամտելու, որպէսզի Ազրպէյճանի կողմէ փակուած Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապը երաշխաւորող […]

Ձեռնարկեցէք Բոլոր Միջոցները Արցախի Մէջ Մարդկայնական Ճգնաժամը Դադրեցնելու Համար․ ԱՀ ու ՀՀ ՄԻՊ-երուն Կոչը

Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն համատեղ արտահերթ հրապարակային զեկոյցը. Հրապարակելով «Արցախը Հայաստանի ու աշխարհի հետ կապող միակ ճանապարհի փակման մարդկայնական հետեւանքներուն մասին» Հայաստանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու արտահերթ […]

Դատապարտել Ազրպէյճանի Յարձակումները եւ Կասեցնել Անոր Սանձարձակ Գործողութիւնները․ ԱՀ ԱԳՆ-ի Գրութիւնները՝ Միջազգային Շարք Մը Կազմակերպութիւններու

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան գրութիւններ ուղարկած է միջազգային շարք մը կազմակերպութիւններու եւ ՀՀ-ի մէջ օտարերկրեայ դեսպանատուներուն։ Դեկտեմբեր 14-ին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ […]

Արցախի Ժողովուրդի Կեանքի Իրաւունքի Երաշխաւորման Համար ՄԱԿ-ը Պէտք է Միջազգային Գործիքակազմ Կիրառէ. Արցախի ՄԻՊ

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ազրպէյճանի վերջին սադրիչ գործողութիւններուն, Արցախը շրջափակելուն առնչութեամբ միջազգային հանրութենէն, յատկապէս ՄԱԿ-էն կ՝ակնկալէ յստակ գործողութիւններ: «ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ Գեղամ Ստեփանեան յայտնած է, որ իրենց հաւաքագրած տեղեկութեանց […]

Հայաստանին Դուրսէն Ոչ Մէկը Պիտի Օգնէ, Մէկ Վայրկեան Առաջ Պէտք է ազրպէյճանի Հետ Համաձայնագիրը Ստորագրէ. չաւուշօղլու

թուրքիոյ ԱԳ նախարար մեւլութ չաւուշօղլուն անդրադարձած է ՀԱՅԱՍՏԱՆի եւ թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման թեմային։ Թրքական Anadolu–ի փոխանցմամբ՝ թուրքիոյ ԱԳ նախարար մեւլութ չաւուշօղլուն յայտնած է, թէ ՀԱՅ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ թուրքիան […]