Արցախահայերուն Նուիրուած ՀՕՄ-ի «Յոյսի Օճախներ» Ծրագիրի Հանգանակային Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան «Յոյսի Օճախներ» յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 21 Սեպտեմբերին, հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկ. Հրայր եւ Էմմա Կարապետեաններու: Մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ […]

Հաստատագրերու Բաշխում` Գանատայի Հայոց Թեմի Դասընթացքներուն Մասնակցած Արցախցիներուն

Սեպտեմբեր 23-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնման Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի ներկայութեամբ`Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի 40 երիտասարդներու համար նախատեսուած «Անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացման դասընթացք»-ի հաստատագրերու բաշխման […]

Իշխանութիւնը ՀՀ-ի Մէջ Կը Կառուցէ Բռնապետական Վարչակարգ, Ուր Դատարանները Իշխանութեան Ձեռքին Բութ Գործիք Են. ՀՅԴ ՀԳՄ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածած է յայտարարութիւն՝ խստօրէն դատապարտելով Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը երկու տարուան ազատազրկման դատապարտելու անօրինական եւ խայտառակ որոշումը: «Սա ոչ միայն հոգեւորականի դէմ իրականացուած հաշուէյարդար է, այլեւ Հայ […]

Մայր Աթոռը Հետամուտ Պիտի Ըլլայ Իրաւական, Ներառեալ՝ Միջազգային Գործիքակազմերու Կիրառման՝ Գերաշնորհ Տ․ Միքայէլ Արք․ Աջապահեանի Արդար Իրաւունքները Վերականգնելու Համար

Այսօր՝ Հոկտեմբեր 3-ին, դատարանը, շարունակելով ոտնահարել արդարադատութեան հիմնարար սկզբունքները, Գերաշնորհ Տ․ Միքայէլ արք․ Աջապահեանը դատապարտեց երկամեայ ազատազրկման։ Ի սկզբանէ ակնյայտ էր, որ Շիրակի թեմի առաջնորդի նկատմամբ յարուցուած քրէական հետապնդումը ունի […]

Հայ Դատի «Արդարութեան Ջատագով» Մրցանակը՝ «Շուարց Սէմէրճեան» Հաստատութեան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան հեղինակաւոր «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակը պիտի շնորհէ «Շուարց Սէմէրճեան» իրաւաբանական հաստատութեան, որ յաջողութեամբ կրցած էր պաշտպանել Արեւմտեան Ամերիկայի […]

Արցախահայ Մանուկներու Ծրագիր՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Մարդասիրական Ծրագիրներուն Ծիրէն Ներս

Սեպտեմբեր 24-ին, Երեւանի Big Minds Kids ուսումնական կեդրոնէն ներս, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Big Minds հաստատութեան կեդրոնը, ուր Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ արցախցի երեխաներուն համար նախատեսուած Անգլերէն […]

ՀՕՄ-ի Նախաձեռնութեան Շնորհիւ Արցախցի 10 Ընտանիք Կ՚ապրի Նոր Տուներու Մէջ. Հարցազրոյց ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանի Հետ

2025 թուականի Փետրուարին Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է արցախցիները տուներով ապահովելու նոր ծրագիր, որ կը կոչուի «Յոյսի օճախ»։ Անիկա կարճ ժամանակի մէջ մեծ ժողվրդականութիւն գտած է սփիւռքի մէջ․ […]

«Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Բաշխումը՝ Հալէպի Մէջ

Հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի […]

«Վարանդա» Երգչախումբի Արեւներուն Անկոտրուն Կամքը․ Շաղիկ Կարօ Մանճիկեան

Օգոստոս 7 էր.. Հայրս ժամանած էր Երեւան, որպէսզի մասնակցի Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած` Քեսապի զաւակ, մտաւորական եւ դասախօս դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանին նուիրուած մեծարման հանդիսութեան: Նկատի ունենալով անոր ազատ ժամանակուան սահմանափակ ըլլալը, […]

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Հանդիպեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոց Յաճախող Արցախահայ Երեխաներուն Հետ

Սեպտեմբեր 20-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, «Դանիական-հայկական բարեգործական առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Պրն. Արշաւիր Գաբուճեանի ընկերակցութեամբ, այցելեց Երեւանի Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ ընկերակցութեան […]