Հայաստան Ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կրթութեան Բիւրոյի Խորհուրդի եւ Գլխաւոր Համաժողովի Իրաւական Կոմիտէի Անդամ

ՀՀ ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր համաժողովի 40-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս Նոյեմբեր 21-ին Հայաստան ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի (2019-2023 ժամանակահատուածի համար) եւ Գլխաւոր համաժողովի իրաւական […]

Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մէջ Պէտք Է Նկատի Առնել Շրջանի Ամբողջ Բնակչութեան Կարծիքը. Իկոր Փոփով

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Իկոր Փոփով` անդրադառնալով Երեւանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հնչեցուցած` «առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի համաձայնութեան որեւէ պայմանաւորուածութիւն կարելի չէ» յայտարարութեան, հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը […]

Վանեցեան Հրաժարեցաւ ՀՖՖ Նախագահի Պաշտօնէն

Արթուր Վանեցեան հրաժարեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահի պաշտօնէն: «Մեր հաւաքականը Իտալիոյ մէջ պարտութիւն կրեց աննախադէպ 9:1 հաշիւով: Ատիկա մեզի համար իսկապէս շատ մտահոգիչ է: Պէտք էր այդ հարցին լուծումներ տրուէր: […]

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ Եւրոպական Phoneton 2019

«Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի. ­կե­նա­րար ջուր եւ ա­րեւ հա­մայնք­նե­րուն»՝ բնա­բա­նով ­Ֆո­նէ­թո­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Կի­րա­կի 24 ­Նո­յեմ­բեր 2019ին, կէ­սօ­րո­ւայ ժա­մը 12էն մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8.00։ ­Բո­լոր մեր յար­գե­լի հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք կը փա­փա­քին ի­րենց սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով սա­տար հան­դի­սա­նալ Phoneton 2019ի դրա­մա­հա­ւա­քին եւ ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­նալ հայ­րե­նա­շի­նու­թեան վսեմ գոր­ծին, կրնան ի­րենց գու­մար­նե­րը փո­խան­ցել Հ. Հ. Հ.ի դրա­մա­տան հա­շի­ւի հե­տե­ւեալ թի­ւին՝ ΤΡΑΠΕΖΑ ΠΕΙΡΑΙΩΣ  GR 410172195000 5195050350 – 189 ­Հիմ­նադ­րա­մի եւ ­Յու­նաս­տա­նի տե­ղա­կան կա­ռոյց­նե­րու կա­մա­ւոր­նե­րը հե­ռա­ձայ­նա­յին կա­պի մէջ պի­տի մտնեն ­ձե­զի հետ, ա­ռի­թը տա­լով ձեր սրտա­բուխ մաս­նակ­ցու­թեան։ Ն­մա­նա­պէս, փա­փա­քող­նե­րը կրնան ի­րենց սրտա­բուխ նո­ւէր­նե­րը փո­խան­ցել տե­ղա­կան հայ­կա­կան ո­րե­ւէ ե­կե­ղե­ցին եւ կամ ­Հիմ­նադ­րա­մի գրա­սե­նեա­կը […]

ՀՀ Կառավարութիւնը Որոշում Ընդունած է Ատրպէյճանէն Բռնագաղթած Ընտանիքներու Բնակարանային Խնդրի Լուծման Վերաբերեալ

Նոյեմբեր 21-ին տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան: ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ 1988-1992 թթ. Ատրպէյճանէն բռնագաղթած` բնակարանի […]

109 Տարեկանին Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրած Գոյնա Մարկոսեանը

Մահացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած, մազապուրծ եղած եւ Հայաստանի մէջ ապրող փոքրաթիւ մարդոցմէ եւս մէկը: 109 տարեկանին կեանքէն հեռացած է Գոյնա Մարկոսեանը: Ան ծնունդով Կարսէն էր, ընտանիքին հետ Արեւելեան Հայաստան […]

Արցախի Ժողովուրդին Հետ Պէտք Չէ Ուժի Լեզուով Խօսիլ. Նիկոլ Փաշինեան

Երէկ` չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի, տեսակցութիւն ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերուն եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Միլանոյի մէջ ան այցելեց Միլանոյի Հայ […]

«Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Գերակայ Խնդիրները» Նիւթով Գիտաժողով

Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան գերակայ խնդիրները» նիւթով միջազգային գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր հիւրընկալ հիմնարկի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժանմունքը եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական […]

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Քաթարի Գործարարները Հայաստան Հրաւիրեց

Պաշտօնական այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան 20 Նոյեմբերին Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի իշխան, հայր Էմիր Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ։ Աւելի ուշ նախագահ Սարգսեան տեսակցեցաւ Քաթարի […]

Նիկոլ Փաշինեան Այցելեց Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզի

Իտալիա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի` Մխիթարեան միաբանութեան Մայրավանք: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ ՀՀ վարչապետին դիմաւորեցին Վենետոյի փոխնահանգապետ Ֆետերիքօյ Քաներ, Սուրբ Աթոռին մէջ ՀՀ […]