Category: Հայաստան
ԵՄ-ն Հայաստանի Մէջ Ազրպէյճանի Հետ Սահմանին Վրայ 40 Դիտորդ Տեղակայելու Որոշում Ընդունած է
Եւրոպական Միութիւնը որոշում կայացուցած է 40 հոգինոց դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստան, որ պիտի տեղակայուի հայ-ազրպէյճանական սահմանին։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, հաղորդագրութիւն հրապարակուած է Եւրոպայի խորհուրդի պաշտօնական կայքին մէջ։ Կը նշուի, […]
Ծանրամարտիկ Գոռ Մինասեան՝ Ասիոյ Ախոյեան
Ծանրամարտիկ Գոռ Մինասեան +109 քկ քաշայիններու պայքարին երկամարտի 452 քկ արդիւնքով նուաճեց ախոյեանի կոչումը՝ սահմանելով Ասիոյ երկու ցուցանիշ։ Այս մասին, ըստ Sputnik Armenia-ի՝ կը հաղորդէ Ծանրամարտի միջազգային ֆետերասիոնը։ Ողիմպիական փոխ […]
Ժընեւի Նահանգային Խորհուրդը Արցախի Հայերու Ինքնորոշման Իրաւունքը Ճանչնալու Կոչով Բանաձեւ Ընդունած է
Զուիցերիոյ Ժընեւի գանդոնի նահանգային մեծ խորհուրդը Հոկտեմբեր 14-ին քննարկեց եւ ընդունեց «Հայաստանի գոյատեւման համար» (Pour la survie de l’Arménie) Զուիցերիական սոցիալիստական կուսակցութեան (Parti socialiste suisse) եւ Քրիստոնեայ-դեմոկրատական կուսակցութեան (Parti démocrate-chrétien) […]
«Ամերիկացի» Ֆիլմը Woodstock Փառատօնիմ «Lաւագոյն Գեղարուեստական Ֆիլմ» Ճանչցուած է
Բեմադրիչ Միքայէլ Ա. Գուրջեանի «Ամերիկացի» ֆիլմը Woodstock փառատօնին ճանչցուած է յաղթող «Lաւագոյն գեղարուեստական ֆիլմ» անուանակարգին մէջ։ Միաժամանակ ֆիլմի գործակատար Ղասեմ Էբրահիմեանը՝ նոյն փառատօնին ստացած է «Lաւագոյն գործակատարական աշխատանք» անուանակարգը։ Այս […]
Պէտք Չէ Արտօնել, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Անցի Ազրպէյճանի Կառավարման Տակ. Զուիցերիացի Պատգամաւոր
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ բնակչութիւնը պէտք է ինքնորոշման իրաւունք ունենայ: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Ազգային ժողովի մէջ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին ժամանակ՝ այս մասին յայտարարած է Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամական խումբի համանախագահ, Զուիցերիայի […]
Պռոշեան Գիւղին Մէջ Տեղադրուած է Զապէլ Եսայեանի Արձանը
Պռոշեան գիւղի Զապէլ Եսայեան Ագրոբիզնես (գիւղատնտեսական) կեդրոնի (ZYAC) տարածքին մէջ, Հոկտեմբեր 9-ին, բացուած է հայ նշանաւոր գրող, արձակագիր, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի արձանը։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը: «Անվախ […]
Փարիզը Կը Դատապարտէ Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքին Հանդէպ Ազրպէյճանի Յարձակումը. Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Բանաձեւ Ընդունած է
Փարիզի քաղաքային խորհուրդը, Հոկտեմբեր 13-ին, ի պաշտպանութիւն հայ ժողովուրդին՝ միաձայն ընդունած է բանաձեւ, որմով կը դատապարտէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ Ազրպէյճանի յարձակումը: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան […]
Ազրպէյճանի Կողմէ Շարունակուող Մշակութային Եղեռնը Նպատակ Ունի Զրկելու Արցախը Իր Պատմական Ինքնութենէն․ Մայր Աթոռ Սբ․ Էջմիածին
Ինչպես Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին, այնպէս եւ յետպատերազմեան շրջանին չեն դադրած հայոց հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ Ազրպէյճանի կողմէ ոտնձգութիւնները եւ բարբարոսական գործողութիւնները։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Մայր Աթոռի՝ […]
Ականի Պայթումէն Զոհուած է ՀՀ ՊՆ N Զօրամասի Զինծառայող, Հազարապետ
Հոկտեմբեր 12-ին, ժամը 18:30-ի սահմաններուն, ականի պայթումէն զոհուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող, հազարապետ Սարիբեկ Գուրգենի Եղոյեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը […]
Իրանը Վճռական է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Խորացնելուն եւ Դէմ է Տարածաշրջանին Մէջ Միջազգային Սահմաններու Իւրաքանչիւր Փոփոխութեան. Ամիր Ապտոլլահիան
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահիան Թեհրանի մէջ հանդիպած է Հայաստանի եւ Իրանի խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավարին՝ յայտարարելով, որ Իրանը վճռական է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները խորացնելուն մէջ: Վկայակոչելով Tasnim […]










