Սուրէն Աղաճանեան՝ Եւրոպայի Փոխ Ախոյեան

Սպանիոյ Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա քաղաքին մէջ ընթացող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական առաջնութեան Սուրէն Աղաճանեան (60 քկ) ոսկի մետալի համար պայքարին 1-6 հաշուով պարտուեցաւ վրացի Անրի Խոզրեվանիձէն: Այս մասին կը […]

Արցախի Գծով Կը Մնամ Վճռակամ․ Ֆրանսայի Նախագահ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Մարսէյ եռօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Մարսէյի ազդեցիկ տարբեր շրջանակներու (տնտեսական, ճարտարարուեստի, քաղաքական, համայնքային,մարզական, մշակութային, առեւտրական, գիտական-կրթական, եւայլն) հետ, զոր հրաւիրած էր անձամբ: Սոյն երեկոյին, […]

Ի՞նչ Կը Մտածեն Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյէնն ու Շառլ Միշելը Այս «Յուսալի Գործընկեր»-ոջ Մասին. Ֆրանսացի Պատգամաւոր

Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն-Լորանս Բեդելը դատապարտած է ազրպէյճանական յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: «Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբին անունով վճռականօրէն կը դատապարտեմ ազրպէյճանական յարձակումը, որ նախորդ գիշեր Արցախէն խլած […]

Պատրաստակամ Ենք Շարունակելու Մեր Նահատակներուն Սուրբ Գործը․ ԱՀ Ազգային Ժողով

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ազրպէյճանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով 2020 թ. Նոյեմբեր 9-ին ընդունուած Եռակողմ յայտարարութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարի վարչաձեւը, ս.թ. Յունիս 27 լոյս 28-ին, ժամը 1։30-էն սկսեալ, տարբեր […]

Վանի Մէջ Հայկական Ժառանգութիւնը Կը Պահպանուի Նուիրեալ Հայորդիին Ջանքերով

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութենէն ետք Վանի մէջ հայերու պատմութիւնն ու մշակոյթը արտացոլող շինութիւններուն մեծ մասը աւերուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ westernarmeniatv.com-ը։ Պատմական շէնքերէն կանգուն մնացած են […]

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ճանչցած Է Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

22-25 Յունիս 2023-ին Փանամայի մէջ տեղի ունեցած է Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան բարձրագոյն ժողովը: Երկու տարին մէկ պարբերականութեամբ գումարուող ժողովին մասնակցած  են կազմակերպութիւններ շուրջ 70 երկիրներէ` 300 պատուիրակներով: Բարձրագոյն ժողովին […]

«Արցախը Բնաջնջման Եզրին է. Ֆրանսան Խօսքէն Գործի Պէտք է Անցն»․ Հաղորդագրութիւն

Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը հանդէս եկած է «Արցախը բնաջնջման եզրին է. Ֆրանսան խօսքէն պէտք է անցնի գործի» խորագիրով հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ կը նշուի․ «2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր ազրպէյճանի կողմէ […]

Ըմբշամարտի 2023 Թուականի Մ20 ԵԱ Հայաստանի Հաւաքականը Ոսկի Մետալ Նուաճեց

Սպանական Սանդիակօ տէ Գոմբոսդելա քաղաքին մէջ մեկնարկած յունահռոմէական ոճի մինչեւ 20 տարեկան ըմբիշներու Եւրոպայի առաջնութեան Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց ոսկի առաջին մետալը: Ըստ Sputnik Արմենիայ-ի՝ 63 քկ քաշային կարգով հանդէս եկող […]

Մուրատ Մըխչըի Հետ Հանդիպում Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնէն Ներս

Սոյն թուականի Յունիս 29-ին, Հինգշաբթի օրը, ժամը 18։30-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամը կը կազմակերպէ հանդիպում պոլսահայ հրապարակախօս, աքթիւիստ եւ քաղաքական գործիչ Մուրատ Մըխչըի հետ, որ Հայաստան կը գտնուի […]

Ցեղասպանութեան Պատճառով Որբացած Հայորդիներու Հանդէպ Գանատայի Մարդասիրական Արարքի 100-ամեակը Նշուեցաւ Ճորճթաունի Մէջ

«Հորիզոն» 100 տարի առաջ, Գանատայի պետութիւնը որոշում կը կայացնէր ստանձնելու հոգատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք որբացած հայ մանուկներու, որոնց առաջին խումբը Օնթարիոյի Ճորճթաուն քաղաքի Սիտըրվէյլ ագարակ հասաւ 1923 թուականի Յուլիս 1-ին։ […]