Թրքական Կայքը Անդրադարձած է Տիգրանակերտի Մէջ Իրականացուող Պեղումներուն

Հնագիտութեան մասին նիւթեր հրապարակող թրքական կայքը անդրադարձած է Արցախի տարածքին Տիգրանակերտի շրջակայքը շարունակուող պեղումներուն։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական լրատուամիջոցը զանոնք ներկայացուցած է իբրեւ Ատրպէյճանի «գրաւուած տարածքներ»-ու մէջ իրականացուող պեղումներ։ Պեղումներուն վերաբերեալ […]

Լիբանանի Նախագահ Միշել Աուն Այս Աշնան Հայաստան Պիտի Այցելէ

Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն Հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան: Լիբանանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Երեւանի մէջ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի գործընկերներուն հետ եւ պիտի մասնակցի  Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային […]

Թրքական Լրատուամիջոցները Ամէնէն Շատ Կը Քարկոծեն Հայերը

Հայերը խիստ քննադատութեան կ՛ենթարկուին Արցախեան հակամարտութեան պարունակին մէջ, կը մեղադրուին «բռնութիւններու հակամէտ» ըլլալու եւ Թուրքիոյ թշնամիներուն աջակցելու մէջ: Թուրքիոյ այլ փոքրամասնութիւններու շարքին, լրատուամիջոցներու կողմէ ամէնէն շատ քննադատութեան արժանացած են հայերը: […]

Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերուն Օգնութեան Հասած Ամերիկացի Երկու Կամաւորի Նուիրուած Ցուցահանդէս՝ Հայաստանի Մէջ

Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ բացառիկ ցուցահանդէս՝ նուիրուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Արեւելեան Հայաստան գաղթած եւ այնտեղ հաստատուած, հայոց որբերուն օգնութեան հասած […]

«Մեր Հիմնական Հարցն Է Հիւանդանոցի Հանդիպակաց Տարածքի Վերադարձը» Պետրոս Շիրինօղլու

Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Չորեշաբթի, 1 Օգոստոսի հանդիպման վերաբերեալ յայտնեց հետեւեալը. «Ներկայիս մեր հիմնական խնդիրն է հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը: Ես […]

Հայ-թրքական Սահմանը Հատելու Ընթացքին Պանկլատէշի Քաղաքացի մը Ձերբակալուած է

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԴԾ Սահմանապահ վարչութեան Արտաշատի սահմանապահ ուժերը ձերբակալած են հայ-թրքական սահմանը անօրինական կերպով հատած տղամարդ մը: ՌԴ ԱԴԾ Սահմանապահ վարչութեան լրատուական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախնական ստուգման իբրեւ […]

Երեւանը Հնագոյն Քաղաքներու Միջազգային Հաւաքին Պիտի Մասնակցի

Օգոստոս 18-ին, Ռեազանի մէջ պիտի կայանայ հնագոյն քաղաքներու միջազգային Հաւաքը, որ պիտի միաւորէ 500 տարուան եւ աւելի պատմութիւն ունեցող քաղաքները: Ըստ armenpress.am-ի՝ հաւաքին հիմնական նպատակը ազգամիջեան եւ միջմշակութային փոխգործակցութեան զարգացումն […]

Թուրքիան Հայաստանի Հետ Սահմանը Արեւային Ուժով Պիտի Լուսաւորէ

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ երկրի սահմաններու ավտանգութեան ապահովման ուղղուած քայլերը։ Յիշենք, որ վերջին տարիներուն Թուրքիան պարիսպ կը կառուցէր Սուրիոյ, Իրանի եւ Հայաստանի հետ սահմանին։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ սահմանի սուրիական […]

Ալապինոյի Մէջ Հայասատանը Ներկայացնող Հրասայլորդները Կիսաեզրափակիչ Փուլ Հասած են

Մերձմոսկովեան Ալապինոյի մէջ տեղի ունեցած է հայ հրասայլորդներու մասնակցութեամբ վերջին անհատական մրցավազքը: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հայաստանը ներկայացնող հրասայլորդները մրցած են Վիեթնամի, Խըրխըզիստանի […]

Էրտողանի Պատճառով Թուրքիան Քաղաքականապէս եւ Տնտեսապէս Պիտի Չտարբերի Սուտանէն. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է ամերիկացի հոգեւորականը պատանդ պահելու պատճառով ԱՄՆ–իպատժամիջոցներու հետեւանքներուն: Կարօ Փայլան Twitter–ի իր էջին մէջ գրած է. «Հոգեւորական Պրանսընը պատանդ պահելու հետեւանքով Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ սահմանեց Արդարադատութեան եւ Ներքին գործոց նախարարին դէմ: Պատանդներու առեւտուրով զբաղելու ընթացքին Թուրքիան քաղաքականապէս […]