Աւստրալիոյ Պատգամաւորները Կը Խոստանան Այսուհետեւ Աջակցիլ Երկրի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ջանքերուն

Այս տարի Աւստրալիոյ դաշնային խորհրդարանականները միացած են Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ երկրի դիրքորոշումը փոխելու կոչին, կը նշէ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակը (ANC-AU։ Հայ Դատի գրասենակին համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Աւստրալիոյ դիրքորոշումը 2020-ին մնացած է անփոփոխ: «Սակայն դաշնային խորհրդարանականներ Թրենթ Զիմերմանի, Ճոէլ Ֆիթցկիպընի, Թիմ Ուիլսընի, Քրիստինա Քէնիլիի, Ատըմ Պանտթի եւ Ռեքս Փաթրիքի, […]

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը Կը Մեկնարկէ ԽՕՍՔ ԱՌ Մրցանակը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ ԽՕՍՔ ԱՌ մրցանակը, որ աշխարհասփիւռ հայախօսներուն առիթը կ՚ընծայէ հայերէնով արծարծելու այն հիմնահարցերը, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մարդկութիւնը այսօր։ Պսակաձեւ ժահրը կը ստիպէ […]

Սփիւռքի Վերակազմակերպումը Ու Հզօրացումը Անյետաձգելի Հրամայական Է. Արամ Ա.

Այսoր Սփիւռքը խառնաշփոթ պատկեր մը կը պարզէ: Աւանդական Սփիւռքին եկաւ միանալու նոր սփիւռքը եւ այսօր փաստօրէն մեր գաղութներուն կը պակսի ներքին ներդաշնակութեան ու կազմակերպուածութեան առաւել ամրացումը: Սփիւռքի կազմակերպումը ես կը […]

«Մենք Կը Յիշենք Այն Հայերը, Որոնք 105 Տարի Առաջ Զոհ Գացին». Հոլանտայի Կրթութեան Նախարար

Հոլանտայի կրթութեան նախարար Արի Սլոպ յայտեց, թէ կ՛ափսոսայ, որ չէ կրցած այցելել Երեւան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցել։ Սլոպ «Արմէնփրես»ին փոխանցած իր ուղերձին […]

Նիւթապաշտութեան Գործօնը Եւ Մենք Համաճարակի Ընթացքին

Մովսէս Ս. Հերկելեան Սիրելի ընթերցող, Ի հեճուկս համաճարակին՝ կեանքը կը շարունակուի…: Ու պիտի շարունակուի մինչեւ որ մարի, այնպէս, ինչպէս պատմութեան անցած բազում ու բազմատեսակ համաճարակներ: Սակայն, գլխաւոր մտահոգութիւնը կը մնայ […]

Տէ՞ր Ենք Մեր Ինքնութեան Կռուան Սահմանադրութեամբ Ճանչցուած Պետական Լեզուին՝ Հայերէնին

Յ. Պալեան Եթէ հարիւր տարի առաջ չյաջողեցան լատինատառ հայերէն ստեղծել, այսօր կը ստեղծուի լատինաբառ հայերէն:             Միթէ՞ ժամանակավրէպ է հայերէնի մասին գրել եւ խօսիլ:             Միթէ՞ ժամանակավրէպ եւ անգործնական խեղճեր […]

Մուսկարի Ջարդը. Թունուզցի Բանաստեղծը՝ Սերտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Թունուզցի նորայայտ բանաստեղծ՝ Գասարա Մոհամէտ, օրեր առաջ ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը գրէր հետեւեալը. «Ես թունուզցի բանաստեղծ եմ, 18 տարեկան, ուսանող։ Կը գրեմ ֆրանսերէն լեզուով։ Կ՝ուզեմ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաստեղծութիւն մը ուղարկել ձեզի։ […]