Սին Արարք

“Հայրենիք”ի խմբագրական Միացեալ Նահանգներու ամենէն ազատամիտ եւ յառաջադէմ քաղաքներէն է Սան Ֆրանսիսքօն: Անիկա կը նկատուի աշխարհի գեղեցկագոյն քաղաքներէն մէկը: Կը պատմուի թէ Խորհրդային Միութեան օրերուն պատմութիւն կերտած վարչապետ Նիքիթա Խրուշչեւ, […]

Ժողովրդային Մասնակցութեամբ. Ընթացք Առաւ «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Ծրագիրը

Երեքշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2020-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ընթացք առաւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի կազմակերպած «Անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը: Յաջորդական չորս օրերու ընթացքին, Բաժանմունքը անվճար կերպով մեր […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Տարուան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը յաճախակի առիթներով կ՛այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ մօտէն կը հետաքրքրուի թանգարանին աշխատանքներով: 23 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը դարձեալ այցելեց, շրջեցաւ թանգարանի բաժանմունքները […]

Թուրքիոյ Կողմէ Հայաստանի Միջնադարեան Շրջափակումը Կ՛ոտնահարէ Միջազգային Համաձայնագիրները․ Զոհրապ Մնացականեան

Երեք տասնամեակ շարունակ Թուրքիան կը մերժէ Հայաստանի` դէպի ծով ելք ունենալու իրաւունքը` փակելով ցամաքային սահմանը: Այս միջնադարեան շրջափակումը չի կրնար արդարացուիլ բանականութեան կամ ալ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ, քանի որ անիկա […]

Սան Ֆրանսիսքոյի Մարտահրաւէրը

Ա. Պ. Երկու ամիսներու կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, արդէն երրորդ անգամն է, որ Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքային մեր հաստատութիւնները եւ կեդրոնները թիրախ կը դառնան խափանարարութիւններու: Անցեալ Յուլիսին՝  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ […]

Զախարովա Կոչ Կ՛ուղղէ՝ Հիմք Ընդունելու Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը, Ոչ՝ Ազրպէյճանական Մեկնաբանութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա կոչ ուղղեց՝ հիմք ընդունելու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը, ոչ թէ ազրպէյճանական լրատուական կայքերու մեկնաբանութիւնը: Ըստ «Արմէնփրէս»-ի՝ ազրպէյճանական լրատուական կայքերը տեղեկութիւն […]

Իսրայէլեան Պետական Ընկերութիւնը Ազրպէյճանական Դրամի Լուացման Հետ Առնչութիւն Ունեցող Ընկերութիւններու 155 Միլիոն Տոլար Վճարած Է

Ըստ 2012-էն 2014 երկարող ժամանակահատուածին վերաբերեալ դրամատնային սպրդած զեկուցումներու, Իսրայէլի օդանաւներ արտադրող մեծագոյն ընկերութիւնը` Israel Aerospace Industries, առնուազն 155 միլիոն տոլար փոխանցած է երկու ընկերութիւններու, որոնք առնչութիւն ունին Ազրպէյճանի վերնախաւին […]

Նունէ Սարգսեանի եւ «Հայկաշխարհ»-ի Նախաձեռնութեամբ՝ Ամփոփուած է Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութիւններու Մրցոյթը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրը ամփոփուած են ՀՀ նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեանի` Քուէյթի վարժարանի սաներուն ուղղուած արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու մրցոյթի արդիւնքները: «Եռագոյն»-ը այս մասին կը տեղեկանայ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերի վարչութենէն: […]