Ատրպէյճանի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած է

Փետրուար 23-ին ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումներու մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հայ զինուոր մը վիրաւորուած է: Այդ մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ յայտնած է ՊՆ […]

Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողովը

Այսօր՝ Փետրուար 24-ին, Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս […]

Վարչապետ Փաշինեան. Կառավարութիւնը Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւնը 2 Շաբաթով Դադրեցնելու Մասին Որոշում Պիտի Ընդունի

Իրանի հետ հաղորդակցութիւնը 2 շաբաթով պիտի դադրեցուի: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական սահմանի մասին օրէնքի 16-րդ յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերի վարակիչ հիւանդութիւններու […]

Քորոնա Ժահրի Ներթափանցումը Կանխելու Նպատակով Իրանէն Հայաստան Եկող Ուղեւորները Հսկողութեան Կ՛ենթարկուին

Թէեւ նոր քորոնա ժահրի հիւանդացութեան պարագաները աւելցած են հարեւան Իրանի մէջ, Հայաստանի մէջ որեւէ վարակուածի դէմք  չէ արձանագրուած: Այս մասին կը նշէ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան` «Ֆէյսպուք”-ի  իր էջին […]

Անկախ Հայաստանի Առաջին Ողիմպիական Ախոյեան Արմէն Նազարեան Պետական Պարգեւի Արժանացած Է

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի, աշխարհի եւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արմէն Նազարեանին «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալով պարգեւատրելու մասին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին […]

Սուրիական Աղբիւրները Անժխտելիօրէն Կը վկայեն Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմական Իրողութեան Մասին

Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ ճանչցաւ ու դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս առիթով «Գանձասար» շաբաթաթերթը  հարցազրոյցը ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան, Սուրիական – Հայաստանեան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնաժողովի նախագահ դոկտ. […]