Մահացած է ԱՍԱԼԱ-ի Ազատարմատիկ Վարուժան Կարապետեանը

Անսպասելիօրէն՝ սրտի կաթուածի հետեւանքով, կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի՝ ԱՍԱԼԱ-ի ազատամարտիկ՝ Վարուժան Կարապետեան։
Վարուժան Կարապետեան ծնած է Մարտ 7-ին, 1954 թ․-ին, Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի մէջ։
1983 թուականի Յուլիս 15-ին ան Փարիզի Օրլի օդակայանի մէջ թրքական օդանաւը ռմբայարումը կազմակերպելու մեղադրանքով դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան։ 2001 թուականին, մօտ 17 տարի բանտարկութենէն ետք, ան վաղաժամկէտ ազատ արձակուեցաւ եւ մեկնեցաւ՝ Հայաստան։
Երբ 1965 թուականին 11-ամեայ Վարուժանը գացած է Տէր-Զօր: Ժողովուրդը կ’ուլար եւ կ’ողբար…
«Ինծի համար զարմանալի թուաց, որ լացի փոխարէն գոնէ մէկը չգտնուեցաւ, որ եղունգի կտրելիք հանէր կամ մի փոքրիկ դանակ մը եւ ըսէր՝ երթանք վրէժ լուծելու»,- իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած է Վարուժան Կարապետեանը
Այդ օրը ես կորսնցուցի իմ մանկութիւնս: Անցան տարիներ, եւ նպատակս աւելի յստակ դարձաւ. «Եթէ չպայքարինք, ալ ինչո՞ւ հայ մնանք: Եթէ հայ պիտի մնանք, ուրեմն նպատակ ունինք՝ ՎԵՐԱԴԱՐՁ»:
1972-ին ռադիոն հաղորդեց. «ԱՄՆ-ի Սանթա-Պարպարա քաղաքի մէջ 77-ամեայ Գուրգէն Եանիկեանը սպաննած է թուրք հիւպատոսը»: «Տէ, եկ երիտասարդ ու մի ամչնար… Մենք ընկերներով իրար երես չէինք կրնար նայիլ»,- կը պատմէ Վարուժանը:
1975-ին Հայոց հարցը բարձրացնելու բոլոր խաղաղ միջոցները ձեռնարկուած էին՝ թերթերով, ցոյցերով, լացով, ողբով… կը մնար միայն մէկը՝ զինեալ պայքար:
Եւ սկսաւ… «Նիւթական միջոցներ չունէինք. Մէկը հօր խանութէն դրամ ճարած էր, միւսը քրոջ զարդը վաճառած էր, գնեցինք հրացան, ատրճանակ ու սկսանք գործել»:
Յետագային այս ամէնը վերածուեցաւ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի, մեր նպատակն էր ազատագրուած հայրենիք ունենալը
Հայաստանի անկախացումէն ետյ Վարուժանը բանտէն հաղորդագրութեամբ հանդէս եկաւ. «ԴՈՒՐՍԻ ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ»:
«Հայկական հարցը արդէն պէտք է լուծուի յաղթանակած բանակի կողմէն:- Պէտք է ժամանակին կանգ առնել: Եթէ ոեւէ մէկը իմ ըրածս գործը այսօր ընէ, առաջինը ես զինք պիտի դատապարտեմ։
983թ. Ֆրանսիայի «Օրլի» օդանաւականի գործողութեան հետեւանքով զոհուեց 8 մարդ, յիսունհինգը վիրաւորուեց: Կազմակերպիչներից մէկն էլ Վարուժանն էր, ով դատապարտուեց ցմահ բանտարկութեան:
Աւելի քան 17 տարի ֆրանսական բանտի մէջ… «Բանտը ազգութիւն եւ սահման չունի, կարծես արծիւը դնես ոսկի վանդակի մէջ»,- ըսած է Վարուժան, որ իր անուան («արու թռչուն») հաւատարիմ տունը կառուցած է լեռներուն մէջ՝ Դիլիջանի Սասնայ սարին. «17 տարի ամէն գիշեր կ’երազէի, որ կը փախչիմ բանտէն: Կ|’երազէի տուն ունենալ լեռներու վրայ. մտքիս մէջ արդէն նախագծած էի ամէն ինչ»:
Բանտարկուած տարիներուն Վարուժանի նկարած եւ փորագրած նկարները այժմ փակցուած են իր տան պատերուն, մէկ անկիւնի մէջ ալ տեղ գտած է փայտէ սնտուկ մը՝ իր մէջ յաւէրժ պահելով անթիւ նամակներ, որոնք Վարուժանը ստացած է բանտի տարիներուն:
Վարուժանը իր ընտանիքով (երեք երեխայ՝ երկու որդի եւ մէկ դուստր) կ’ապրէր իր երազներու տան մէջ, որուն լուսամուտէն կ’երեւէր դեռեւս բանտի մէջ նկարած երազ տեսարանը՝ եղեւնիներ, ձիւնապատ սարեր, հեռուն՝ եկեղեցին:
Խունկ եւ մոմ անոր անմահ յիշատակին….
