Գիւմրիի Երկրագիտական Թանգարանի Վերանորոգման Համար Դրամահաւաք Պիտի Կազմակերպուի

Հայաստան

Գիւմրիի Երկրագիտական թանգարանի վերանորոգման համար դրամահաւաք պիտի կազմակերպուի: ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ այս մասին յայտարարուած է Գիւմրիի մէջ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ:

Շէնքի վերանորոգման սկզբնական աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ է մօտ 50 միլիոն դրամ: Դրամահաւաքը պիտի մեկնարկէ Սեպտեմբերին եւ պիտի տեւէ մէկ ամիս: Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցի խօսքով՝ դրամահաւաքին միանալու համաձայնութիւն եղած է աշխարհահռչակ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի հետ: Նախարարը նաեւ առաջարկած է թանգարանին մէկ հատուածը օգտագործել իբրեւ պատկերասրահ:

«Գիւմրին չունի պատկերասրահ, կը կարծեմ՝ այն կտաւները, նիւթերը, որոնք այսօր ֆոնտերուն մէջ են, անհրաժեշտ է հանրահռչակել, շնորհակալ պիտի ըլլամ, եթէ Երկրագիտական թանգարանը արձագանգէ մեր այս առաջարկին»,- ըսած է նախարարը:

Շիրակի երկրագիտական թանգարանի տնօրէն Արտաշէս Պոյաճեան ընդունած է նախարարի առաջարկը:

Նշենք, որ Գիւմրիի քաղաքային համայնքի Ջիւանիի փողոցի 74 հասցէին գտնուող Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան հիւանդանոցի նախկին շէնքը՝ կառավարութեան որոշումով՝ անհատոյց, անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով յատկացուած է «ՀՀ Շիրակի մարզի Շիրակի երկրագիտական թանգարան» ՊՈԱԿ-ին (պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն:

 

Leave a Reply