Հայաստանը Միջազգային Մրցաշարերէն Այս Տարի Արդէն 86 Մետալ Նուաճած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող մարզիկներու մետալներու քանակը տարուէ տարի կ՝աւելնայ:

Ըստ Armenpress.am-ի, Օգոստոս 7-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, նման յայտարարութիւն ըրած է ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Գաբրիէլ Ղազարեան:

«Մասսայական մարմնակրթութեան տեսանկիւնէն կ՝իրականացնենք մեծ ծրագիրներ: Այդ ծրագիրներուն ներգրուած են տարբեր տարիքային խումբերու քաղաքացիներ: Կարեւորագոյն օղակներէն է նաեւ զօրակոչային տարիքը, ուր իրականացուող ձեռնարկներուն որակական աճը ակնյայտ է»,- ըսած է փոխնախարարը:

Ղազարեանի խօսքով` այս տարին դեռ չէ աւարտած, բայց բարեյաջող է հայկական մարմնակրթութեան համար: «2018 թուականին մինչեւ օրս Հայաստանը Եւրոպայի եւ աշխարհի առաջնութիւններուն նուաճած է 86 մետալ` 30 ոսկի, 24 արծաթ եւ 32 պրոնզ: Անոնք միայն երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնութիւններուն նուաճուած մետալներ են»,-նշած է նախարարը:

 

Leave a Reply